Որոնել

Գովեալ ըլլաս Գովեալ ըլլաս 

Վատիկանի մէջ գիտաժողով «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի 3-րդ տարեդարձին առթիւ։

Ուրբաթ 6 յուլիսին՝ Քահանայապետը պիտի ընդունի գիտաժողովին բոլոր մասնակիցները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 5 եւ ուրբաթ 6 յուլիսին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, տեղի կ՛ունենայ «Խնամենք մեր հասարակաց տունը ու երկրի վրայ ապագայի կեանքը» խորագիրով միջազգային գիտաժողով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կենսոլորտի ու բնապահպանութեան հայող «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի հրատարակման երրորդ տարեդարձին առթիւ։

Գիտաժողովին բացումը կը կատարէ Կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թուրքսոն՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի բաժանմունքի կառավարիչը հուսկ խօսք կ՛առնէ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ կը զեկուցէ «Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի» կարեւորութիւնը այսօր նիւթին շուրջ։

Ուրբաթ 6 յուլիսին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, պիտի ընդունի գիտաժողովին բոլոր մասնակիցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2018, 08:59