Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Խաղաղութիւն թող ըլլայ Միջին Արեւելքին մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար Պարիի մէջ աղօթքի հանդիպում

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար Պարիի մէջ կայացած հաւաքին առթիւ, շաբաթ 7 Յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հայցեց խաղաղութեան պարգեւը։

«Բոլոր մխիթարութիւններու Աստուածը որ կը բուժէ կոտրուած սրտերը ու կը խնամէ վէրքերը, թող մտիկ ընէ մեր աղօթքին «Խաղաղութիւն թող ըլլայ Միջին Արեւելքին մէջ» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որ աւելի ուշ հրապարակուած այլ թուիթի մը  մէջ գրեց «Մարդկութիւնը թող անսայ Միջին Արեւելքի մանուկներու ճիչին։ Անոնց արցունքները սրբելով աշխարհը կը վերագտնէ արժանապատուութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2018, 13:30