Որոնել

SOUTH KOREA VATICAN DIPLOMACY SOUTH KOREA VATICAN DIPLOMACY 

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի այցելութիւնը՝ Հարաւային Քորէա։

Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի Վատիկանի Քատուղարը վեցօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ հարաւային Քորէա:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 յուլիսին, սկիզբ առաւ «պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար»՝Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի վեցօրեայ այցը Հարաւային Քորէա:

Գերապայծառ Կալլակերի այցելութեան օրակարգը 5 յուլիսին կը նախատեսէ հանդիպում Հարաւային Քորէայի հանրապետութեան նախագահ Մուն Ճէ-ի հետ որմէ ետք այցելութիւն Հարաւային եւ Հիւսիսային Քորէաները բաժնող ապառազմականացուած տարածքը:

Ուրբաթ, 7 յուլիսին գերապայծառ Փոլ Կալլակեր կը հանդիպի Հարաւային քորէայի արտաքին գործոց նախարար տիար Քեունկ Վհայի հետ ինչպէս նաեւ երկրի աւելի քան 40 կաթողիկէ երեսփոխաններուն հետ: Մինչ շաբաթ 7 յուլիսին՝ Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթ կ՝ունենայ Խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւանց մասին գումարուած Կաթողիկէ վեհաժողովին: Ան ապա կիրակին 9 յուլիսն Սէուլի մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն Վատիկանի դիւանագէտին եւ Հարաւային Քորէայի նախագահին միջեւ կայացած հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր մթնոլորտին մէջ, հարուստ պարունակութեամբ։ Գերապայծառ Կալլակեր Հարաւային Քորէայի նախագահին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնն ու աղօթքը՝ Քորէական թերակղզիինն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործընթացին ի սպաս:

Կարեւոր համարուեցաւ նաեւ մարդասիրական բնոյթ ունեցած որեւէ ձեռնարկի ձեռքբերումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն մէջ խաղաղութեան խթանումը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2018, 12:43