Որոնել

Մարդավաճառութիւն Մարդավաճառութիւն 

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Ունկնդրենք՝ մարդավաճառութեան թիրախ բազմաթիւ մեր եղբայրներուն ճիչը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ունկնդրենք՝ բազմաթիւ մեր եղբայրներուն ճիչը որոնք թիրախ են  քրէական մարդավաճառութեան. Անոնք ապրանք չեն,  այլ մարդ էակներ եւ այդպէս է որ  պէտք է նկատել զանոնք #EndHumanTrafficking»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթը  որ հրապարակուեցաւ  քահանայապետական @pontifex կայքին վրայ, երկուշաբթի 30 յուլիս 2018-ին, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան առթիւ։

Մինչ երէկ՝ կիրակի 29 յուլիս 2018-ի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը կոչ ուղղած էր «պայքարելու համար մարդավաճառութեան ախտին դէմ որ ստրուկ կը դարձնէ բազմաթիւ մարդիկ ու զանոնք կը շահագործէ» ըսած էր Սրբազան Պապը այդ շահագործումի ծիրէն ներս ներառնելով նաեւ գաղթականներու  առեւտուրը։

Բոլորիս պատասխանատուութիւնն է դատապարտել անարդարութիւնները ու վճռակամ հակառակիլ այս ամօթալի յանցագործութեան։

Նշենք թէ  ըստ Միացեալ ազգերու մանուկներու  օգնութեան միջազգային Ֆոնտին, «ՈԻՆԻՍԷՖ»-ին,  աշխարհի մէջ մարդավաճառութեան թիրախ մանուկներու թիւը կը գերազանցէ 10 միլիոնը մինչ Օրուան առթիւ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս կոչ ուղղած է «որպէսզի այս միջազգային օրուան առթիւ, ջանանք միացնել մեր ուժերը՝  կառուցելու համար ապագայ մը որուն մէջ այս ոճիրը գոյութիւն չունենայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2018, 11:30