Տարեցները օրհնութիւն են Տարեցները օրհնութիւն են 

Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի ծիսական տօնին առթիւ Քահանայապետական թուիթը։

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ընտանիքի մէջ գանձ մըն են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ընտանիքի մէջ գանձ մըն են։ Հաճեցէք խնամք տանիլ անոնց, սիրեցէք զանոնք ու թոյլ տուէք որ խօսին մանուկներուն հետ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 26 յուլիս 2018-ին, Սուրբ Յովակիմ եւ Սրբուհի Աննայի, Սուրբ Կոյս Մարիամի ծնողած ծիսական տօնին առթիւ հրապարակած թուիթը։

Տօնը առիթ կը հանդիսանայ խորհրդածելու մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու դերակատարութեան մասին։

Պենետիկտոս ԺԶ վսատկաւոր Քահանայապետը 2012-ին ըսած էր «Ընկերութեան մը որակը, քաղաքակրթութեան մը որակը, կարելի է նաեւ դատել ի տես տարեցներուն նկատմամբ անոնց ունեցած վերաբերմունքէն ու  հասարակաց կեանքէն ներս անոնց վերապահած տեղէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւս զանազան առիթներով ընդգծած է մեծ մայրերու ու մեծ հայերու դերակատարութեան կարեւորութիւնը։

28 սեպտեմբեր 2018-ին, տարեցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Ան ըսած է «Անոնք կը նմանին ծառերու որոնք կը շարունակեն պտուղ տալ, նոյնիսկ տարիներու ծանրութեան տակ, անոնք կարող են իրենց իւրայատուկ սատարը բերել արժէքներով հարուստ ընկերութեան մը մէջ  կեանքի մշակոյթի հաստատումին համար»։

Սրբազան Պապը յաճախ  յիշեցուցած է թէ տարեցները համայն մարդկային հասարակութեան համար իմաստութեան աղբիւր են, յատկապէս այն բազմազբաղ, մտացիր ու անուշադիր ընկերութեան համար։ Հարկաւոր է առ այդ աղօթել տարեցներուն համար որոնք երկրի մը, ազգի մը յիշողութիւնն են ու անոր իմաստութիւնը եւ այս առընչութեամբ է որ Նորին Սրբութիւնը միշտ յորդորած է որ սերտ կապ հաստատուի տարեցներու ու նոր սերունդներու միջեւ, տրուած ըլլալով որ առաջինները յիշողութիւնն են ու երկրորդները ապագան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2018, 13:30