Որոնել

Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացին Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացին 

Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացին՝ հիմնադիր Յիսուսեան միաբանութեան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է:

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Յուլիսի 31ին, Լատին Եկեղեցին կը կատարէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի տօնը։ Սուրբ Իգնատիոս հիմնադիրն է Յիսուսեան միաբանութեան։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, որ առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է, 2018 թուականին, Սուրբ Իգնատիոսի տօնին, իր թուիթին մէջ կը յորոդրէր՝ «առաջնորդուած Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիէն, մեր անձը տրամադրենք ուրիշներու ծառայութեան»։

Նախ քան Յիսուսը ճանչնալը, Սուրբ Իգնատիոս կը սիրէր իշխանութիւնը եւ աշխարհային կեանքը, սակայն նուիրումով ուսումնասիրեց Աստուծոյ Խօսքը եւ ունկնդրեց անոր, եւ ապա ինքզինք յանձնեց Աստուծոյ կամքին։
Սուրբ Իգնատիոս ծնած է Պասքերու Ազփէիթայի Լոյոլա ամրոցին մէջ 1491ին եւ մահացած է Հռոմ՝ 1556ին։ Իբր կրտսեր որդի, ան նախասահմանուած էր քահանայութեան, սակայն անոր ձգտումն էր ըլլալ ասպետ։ Կʼուղարկուի Քասթիլիա, եւ կը կազմաւորուի Ֆերտինանտ Կաթողիկէ թագաւորի ապարանքին մէջ։ 1520ին կը վիրաւորուի ճակատամարտի մը ընթացքին, եւ կը ստիպուի կազդուրման մէջ մնալ երկար ժամանակ, որուն ընթացքին, ակամայ կերպով կը սկսի կարդալ կրօնական գրութիւններ, որոնք զինք կʼառաջնորդեն ճանչնալու զԱստուած։ Այդ ժամանակաշրջանը կը փոխակերպէ անոր կեանքը։ Կը հիմնէ Յիսուսեան Միաբանութիւնը, որ կը վաւերացուի Պօղոս Գ. Քահանայապետի կողմէ 1538 թուականին։ Հնազանդելով Սրբազան Պապին, Իգնատիոս կը մնայ Հռոմ, համակարգելու համար միաբանութեան գործունէութիւնը եւ հոգ տանելու աղքատներուն, որբերուն եւ հիւանդներուն, որուն պատճառով անոր կը տրուի «Հռոմի առաքեալ» տիտղոսը։ Անոր աճիւնները պահուած են Ճեզու եկեղեցւոյ մէջ։
Յիսուսեան կրօնաւոր՝ Հայր Ժան Փօլ Հերնանտես Սուրբ Իգնատիոսը կը նկարագրէ իբր «մարդ մը որ կը նախընտրէ յառաջխաղացում եւ աշխուժութիւն», կամ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ այդ կեցուածքը կʼորակէ՝ «դուրս գալ», շարժումի մէջ մնալ եւ չլճանալ։ Հայր Հերնանտես կը շարունակէ՝ «Յիսուսեանի մը շնորհապարգեւին կորիզն է հնազանդութիւնը, որ սրտի ազատութիւնն է։ Յիսուսեանը այր մըն է, Աստուծոյ յանձնուած, որ կը գործադրէ յատուկ ոճ մը – կը վերլուծէ իրականութիւնը ուր կը գտնուի, կը խորանայ անոր մէջ, կը յանձնուի աղօթքի եւ կը գործէ պարզորոշելով։» Այս գործընթացին մէջ կարեւոր են հոգեւոր կրթութիւնները, որոնք գրի առնուած են 16րդ դարու կէսերուն, եւ սակայն ունին մեծ այժմէականութիւն։ Ոչ միայն կրօնաւորներ կը մասնակցին այդ հոգեւոր կրթութեան, ալ նաեւ աշխարհականներ, որոնք կը վերակառուցեն իգնատիոսեան հոգեկանութիւնը. նաեւ մեր օրթոտոքս եղբայրները կը մասնակցին այդպիսի հոգեւոր կրթութիւններու։
Հայր Հերնանտես անդրադառնալով միաբանութեան գործելակերպին եւ ներկայի գործունէութեան, կը նշէ, թէ «Յիսուսեան ոճը այն է, թէ իւրաքանչիւր միաբան կը մասնագիտանայ այն միջավայրին մէջ ուր ան կոչուած է. ասոր համար մենք կը զբաղինք նոր աւետարանումով, այսօրուան գիտութեան մարտահրաւէրներով, ինչպէս նաեւ գաղթականներով, որոնք կը ներկայանան իբր մեր ժամանակներու ստիպողականութիւնը»։
Յիսուսեան Միաբանութիւնը այսօր իր 17հազար միաբաններով ներկայ է 100 երկիրներու մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2018, 12:14