Որոնել

Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութեան 2017ի տեղեկագիրը

Բարեսիրական հաստատութիւնը 2017-ին, ամենէն շատ նիւթական օժանդակութիւն տրմադարած է Միջին Արեւքի երկիրներուն՝ Սուրիա եւ Իրաք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան 2017 թուի տեղեկագիրին համաձայն, հաստատութիւնը աշխարհի զանազան երկիրներու իր գրասենեակներուն միջոցաւ հանգանակած է աւելի քան 124.057.414 միլիոն եւրօ՝ շնորհիւ 400 հազար բարերարներուն, եւ այդ գումարին միջոցաւ 149 երկիրներու զանազան քաղաքներուն մէջ իրականացուած են 5357 բարեսիրական ծրագիրներ:

Քահանայապետական հաստատութեան հանգանակած գումարի մեծամասնութիւնը վերջին տարիներուն ծառայած է Ափիրկէի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման եւ այլ մաս մը Միջին արեւելքի մէջ։

2011-էն սկսեալ , քահանայապետական հաստատութիւնը Միջին Արեւելքի համար տրամադրած է աւելի կան 75 միլոն եւրօ՝ բարեսիրական ծրագիրներուն իրականացան համար եւ ամենէն շատ նիւթական նպաստ ստացած է Իրաքը ուր իրականացուած են 9,2900499 եւրօ Արժէքով մարդասիրական ծրագիրներ որոնց շարքին Նինւէ քաղաքին մէջ քրիստոնեաներուն բնակարաններուն վերակառուցման աշխատանքները, տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է նաեւ եկեղեցիներու, վանքերու, հովուական ծառայութեան կեդրոններու վերակառուցման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ շտապ օգնութեան հայող ծրագիրներու իրականացման:

2017-ին, ՏԵՕ հաստատութիւնը նիւթական զօրակցութիւն տրամադրած է նաեւ նորընծաներուն կազմաւորման: 2016ին բաղդատմամբ 15 առ հարիւր աւելի:

2017 տեղեկագիրին մէջ նշուած է նաեւ որ ՏԵՕ հաստատութիւնը ամենէն շատ նիւթական նպաստ ստացած է Իտալացի բարերարներէ : Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իրականացուած են բազմաթիւ ծրագիրներ՝ շնորհիւ Իտալացի բարերարներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2018, 08:00