Որոնել

Նելսոն Մանտելա Նելսոն Մանտելա 

Նելսոն Մանտելայի միջազգային օրուան առիթով ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Ֆրանչիսկոս Պապ մեծարած է Նելսոն Մանտելայի յարատեւ յանձնառումը՝ երկրի համայն քաղաքացիներուն մարդկային արժանապատուութեան խթանման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադառնալով Նելսոն Մանտելայի նուիրուած միջազգային օրուան, դիտել տուաւ, որ Յիսուս մեզ բոլորս կը հրաւիրէ առօրեայի մէջ միասնաբար կառուցելու սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։

«Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ միասնաբար կառուցելու սիրոյ քաղաքակրթութիւն մը՝ այն կացութիւններուն մէջ, որոնց մէջ կ՛ապրինք ամէն օր» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ:

Նշենք՛ թէ 6 դեկտեմբեր 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Նելսոն Մանտելայի մահուան առիթով, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ՝ Ժագոպ Զումային յղած հեռագիրին մէջ գրած էր հետեւեալը . « Խորին տխրութեամբ իմացայ Նելսոն Մանտելային մահուան լուրը: Իմ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ անոր ամբողջ ընտանիքին, պետութեան անդամներուն եւ համայն Հարաւային Ափրիկէին:

Նորին Սրբութիւնը մեծարած է Նելսոն Մանտելայի յարատեւ յանձնառումը՝ երկրի համայն քաղաքացիներուն մարդկային արժանապատուութեան խթանման, ինչպէս նաեւ նոր հարաւային ափրիկէ հիմնելու՝ կառուցուած ոչ բռնութեան հաստատ հիմքերուն վրայ ինչպէս նաեւ համերաշխութեան եւ ճշմարտութեան վրայ :

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնած է, որ Նելսոն Մանտելայի օրինակը կարենայ ներշնչումի աղբիւր դառնայ հարաւային Ափրիկէի սերունդներուն՝ արդարութիւն եւ հասարակաց բարիքը դասելու,  անոնց քաղաքական ներշնչումներուն առաջնակարգ տեղը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2018, 13:30