Humanae vitae Պօղոս Զ Պապին շրջաբերականը Humanae vitae Պօղոս Զ Պապին շրջաբերականը 

«Humanae vitae-Մարդկային կեանք» շրջաբերականին 50 ամեակը

Երանելի Պօղոս Զ Պապին քրիստոնեայ պսակեալներուն նուիրուած շրջաբերականը :

25 յուլիս 2018-ին կը նշուի «Humanae vitae - Մարդկային կեանք» Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետին շրջաբերականին 50 ամեակը՝ նուիրուած Քրիստոնեայ պսակեալ զոյգերուն :

50 տարին առաջ այսօրուան պէս՝ ամառուան տաք շրջանին՝ չորեքշաբթի օր Քասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցին հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ, Երանելի Պօղոս Զ Պապ անդրադարձաւ իր «Մարդկային կեանք» շրջաբերականին, կոչ ուղղելով քրիստոնեայ պսակեալներուն շրջաբերականը նկատելու իրենց կոչումին մեծ հարստութիւն:

Մարդկային կեանք քահանայապետական շրջաբերականը հրապարակուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանին, ուր կը տիրէր վիժումի եւ արուսեսական ծննդաբերութեան հայող ծանր հարցեր, Պօղոս Զ Պապը իր այդ շրջաբերականով, ոչ միայն կ՝անդրադառնայ արուեստական ծննդաբերութեան դէմ բարոյական օրէնքներուն, այլ կը ներկայացնէ պսակեալ զոյգերուն դրական բարոյականութիւնը նկատի առնելով անոնց սիրոյ եւ բեղմնաւորութեան առաքելութիւնը:

«Այս քահանայապետական փաստաթուղթը միայն բարոյական ժխտական օրէնքի մը յայտարարութիւնը չէ…այլ ամուսնական բարոյականութեան դրական ներկայացումը՝ հիմնուած սիրոյ եւ բեղմնաւորութեան առաքելութեան վրայ» ըսած էր երջանկայիշատակ Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ապա անդրադարձած էր շրջաբերականի հրատարակումի կանխող չորս տարիներու աշխատանքներուն «որուն ընթացքին քննարկեցին բազմաթիւ հարցեր ու նամանաւանդ աղօթեցինք» յարեց Պօղոս Զ դիտել տալով, թէ ինք եւ իր համագործակիցները գիտակից էին իրենց ուսերուն վրայ կրած մեծ պատասխանատուութեան։

Մեր աշխատանքին ընկերացող զգացումներէն մին եղաւ նաեւ սէրը ու հովուական հոգատարութիւնը, որուն աւելցնելու ենք նաեւ յոյսի զգացումը։ Յոյս որ քրիստոնեայ զոյգերը լաւապէս ըմբռնեն շրջաբերականի պարունակութիւնը՝ ըլլալով անոր թարգմանը իրենց ապրած իսկական սիրով, որ նման է Քրիստոսի եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած սիրոյն, ապա այժմէական ընտանիքի մէջ տարածել հոգեւորականութիւն մը, որ է ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի կատարելագործութեան աղբիւր եւ ընկերութեան մէջ բարոյականութեան վկայութիւն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2018, 12:11