Ֆրանչիսկոս Պապին Պարի քաղաք առաքելական այցելութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Պարի քաղաք առաքելական այցելութեան նշանաբանը 

Ներկայացում Պարի քաղաքին մէջ կայանալիք աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ընտրուելէ անմիջապէս ետք յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեց միջին արեւելքի նկատմամբ:

Երեքշաբթի, 3 յուլիս 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեկային մէջ ներկայացուեցաւ Ֆրաչիսկոս Պապին յառաջիկայ 7 յուլիսին, Իտալիոյ Պարի քաղաք կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս կայանալիք Միջին Արեւելքի Արեւելեան եկեղեցիներու կրօնապետերուն եւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու պատասախնատուներուն հետ միասին հանդիպումը որուն բնաբանն է «Խաղաղութիւնը քեզի հետ, քրիստոնեաները միասնաբար Միջին արեւելքին ի նպաստ»:

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝Կարդինալ Քուրդ Քոխը:

Կարդինալ Սանտրի զեկուցեց ֆրանչիսկոս Պապի միջին Արեւելքի նկտամամբ ունեցած յատուկ ուշադրութեան մասին այս մէկը ամփոփելով երեք կէտերու մէջ.

Առաջին Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ուշադրութիւնը Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներուն, որուն ծիրէն ներս Ծիրանաւորը ակնարկեց Քահանայապետի ու Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ գոյացած կապին։

Երկրորդ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին ՝Արեւելքի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապերը, որուն կապակցութեամբ Կարդինալ Սանտրի վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորները՝ բացուելու ու քալելու միասին, ինչպէս նաըւ տառապանքի բաժնեկցութեան հրաւէրը ու յատկապէս բոլորը միացնող արեան համամիութիւնը:

Կարդինալ Սանտրի յիշեց ֆրանչիսկոս Պապին Ղպտի եկեղեցւոյ ցուցաբերած մօտիկութիւնը ՏԱՀԵՇԻ կողմէ սպաննուած ղպտի հաւատացեալներուն մարտիրոսութեան առթիւ ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ 2015-ի ապրիլին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական վարդապետ հռչակելու արարողութեան, ի ներկայութեան հայ երեք կաթողիկոսներուն ինչպէս նաեւ 2015-ին մեծ եղեռնի հարիւր Ամեակո առթիւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ ի վերջոյ վերջերս Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղադրուած Սուրբ Գրիգոր նարեկացին արձանին:

Երրորդ՝ Կարդինալ Սանտրի անդրադարձաւ միջ-կրօնային երկխօսութեան ծիրէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, յայտնելով որ Արեւելքի մէջ մահմետական հաւատացեալները եւս թիրախ են հակամարտութիւններուն, անոնք կը տառապին բոլոր անոնց համար որոնք Աստուծոյ անունը պղծելով բռնութին կը բանեցնեն ըսաւ Կադինալ Սանտին նշելով որ մահմետականները եւս ստիպուած եղան իրեն տուներն ու հողերը լքել փոքրամասնութիւններուն հետ գաղթի ճամբան բռնելով:

Ի վերջոյ միջ-կրօնային երկխօսութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Սանտրի յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի անցեալ 26 ապրիլ 2016-ին եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւԱլ Ազզհար համասարանին մէջ ունեցած հանդիպումը

Անդրադառնալով հուսկ 7 յուլիսին Պարի քաղաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի Արեւլքի կրօնապետերու հետ հանդիպումի յայտագիրին Կարդինալ Սանտրի ընդգծեց է թէ ան կ՝ընդգրկէ երկու էական մասեր.

Առաջինը Պարի քաղաքի ծովեզերքի վրայ կայանալիք աղօթքի պահը հաւատացեալներու հետ միասին իսկ երկրորդ խորհրդածութիւններու եւ ունկդրութեան պահը Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Միջին արեւլքի կրօնապապետրուն միջեւ որում ընթացքի իւրաքանչիւր կրօնպապետ պիտի ներկայացնէ իր նկատառումներն ու առաջարկները:

Խորհրդածութիւններու ներկայացումին բացումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Լատին Պատիարքութեան առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2018, 12:48