Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Բոլորէդ կը խնդրեմ աղօթքով ինծի ընկերանալ Պարի» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու հրաւէրը խաղաղութեան համար աղօթքի մասնակցութեան

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Բոլորէդ կը խնդրեմ աղօթքով ընկերանալ ուխտագնացութեան որ պիտի կատարենք գալ շաբաթ օր դէպի Պարի, հայցելու համար խաղաղութիւնը մարտիրոս Միջին Արեւելքին համար»։  Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 1 յուլիս 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ, խնդրելով հաւատացեալներէն որ միանան իր եւ Միջին Արեւելքի հովուապետերու աղօթքին զոր նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ 7 յուլիսին Պարիի մէջ, որտեղ անոնք միասնաբար պիտի հայցեն խաղաղութեան պարգեւը համայն Միջին Արեւելքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2018, 13:30