«Բոլորէդ կը խնդրեմ աղօթքով ինծի ընկերանալ Պարի» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու հրաւէրը խաղաղութեան համար աղօթքի մասնակցութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Բոլորէդ կը խնդրեմ աղօթքով ընկերանալ ուխտագնացութեան որ պիտի կատարենք գալ շաբաթ օր դէպի Պարի, հայցելու համար խաղաղութիւնը մարտիրոս Միջին Արեւելքին համար»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 1 յուլիս 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ, խնդրելով հաւատացեալներէն որ միանան իր եւ Միջին Արեւելքի հովուապետերու աղօթքին զոր նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ 7 յուլիսին Պարիի մէջ, որտեղ անոնք միասնաբար պիտի հայցեն խաղաղութեան պարգեւը համայն Միջին Արեւելքին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
01/07/2018, 13:30