Միջին Արեւելքի համար Աղօթքի եւ Խորհրդածութեան օր Միջին Արեւելքի համար Աղօթքի եւ Խորհրդածութեան օր 

Պարի 7 յուլիս 2018 Միջին Արեւելքի համար Աղօթքի եւ Խորհրդածութեան օրուայ մասնակիցները։

Գրիգոր Պետրոս Ի եւ Արամ Ա կը մասնակցին Պարիի հաւաքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 25 ապրիլ 2018-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէր թէ «յառաջիկայ 7 յուլիս 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Արեւելքի վրայ պատուհան հանդիսացող՝ Պարի քաղաք, ուր եւ պահպանուած են Սուրբ Նիկողայոսին մասունքները, այնտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան մէկ ձեռնարկի մը, նուիրուած Միջին Արեւելքի ողբերգական իրավիճակին, որուն թիրախ են մեր հաւատքի մէջ եղբայր ու քոյրերը։ Սրբազան Քահանայապետը միտք ունի վերոնշեալ հաւաքին հրաւիրել շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ու հասարակութիւններու ղեկավարները։ Նորին Սրբութիւնը այժմէն իսկ կը յորդորէ այդ ձեռնարկը պատրաստել աղօթքով»։

Ընդառաջելով Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրին 7 Յուլիսի ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  Միջին Արեւելիքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու հովուապետերը կամ անոնց ներկայացուցիչները, որոնց շարքին են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա հայրապետը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի։

Օրթոտոքս եկեղեցիները կը ներկայացնեն. Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա, Աղեքսանդրիոյ ու համայն Ափրիկէի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք՝ գերերջանիկ Թէոտորոս Բ, Կ. Պոլսոյ մէջ Պատրիարքական փոխանորդ՝ գերապայծառ  Նեքաթրիոս, որպէս Երուսաղէմի Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Թէոֆիլոս Գ ի ներկայացուցիչ, ապա Վոլոքոլամսքի Մետրոպոլիտ՝ Հիլարիոնը, որ պիտի նեկայացնէ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը՝ Քիրիլը, հուսկ Գերապայծառ Վազիլիոսը որպէս ներկայացուցիչ Կիպրոսի եւ Նէա Ժուսթինիանա Աւագ Արքեպիսկոպոսին, գերերջանիկ Քրիզոստոմոս Բ-ի։

Արեւելեան ուղղափառ եկեղիցիներէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ, Ասորիներու Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի օրթոտոքս պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրեմ Բ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Իրլանտայի եւ Մեծն Պրիթանիոյ մէջ եպիսկոպոս՝ Հովակիմ Սրբազանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա։

Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Կէուարկիս Բ։

Իսկ Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիները կը ներկայացնեն Ղպտիներու աղեքսանդրիոյ պատրիարք գերերջանիկ Իպրահիմ, Անտիոքի Ասորիներու պատրիարք՝ Իգնատիոս ԵուսսէՖ Գ, Մարոնիներու պատրիարք՝ Կարդինալ Պշարա Ռայի, Հալէպի Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Ժան Քլեման Ժանպարդ՝ որպէս ներկայացուցիչ Մելքիթներու Անտիոքի Պատրիարքութեան Պատրիարք՝ գերերջանիկ Եուսսէֆին։  Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք՝ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի, հուսկ Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան։

Ասոնք կից նշենք նաեւ Յորդանանի ու Սուրբ Երկրի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը՝ Վերապատուելի Սամի Իպրահիմ Ազարը եւ  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար՝ Տիկ Սուրայա Պէշալանի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2018, 11:41