Ամերիկեան Հինգերորդ Միսսիոնարական Համագումարը, Ամերիկեան Հինգերորդ Միսսիոնարական Համագումարը,  

Կարդինալ Ֆիլոնի «Միսսիոնարական գործունէութիւնը մարդասիրութիւն չէ

Ամերիկեան Հինգերորդ Միսսիոնարական Համագումարին նպատակն է խթանել «միսսիոնարական ճշմարիտ դարձ մը», որ կարող ըլլայ տարածել «Աւետարանի ուրախութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն

Հայր Ներսէս Սագայեան- Վատիկան

Չորեքշաբթի, 11 յուլիսին, Պոլիվիայի Սանթա Քրուզ տէ լա Սիերրա քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ Ամերիկեան Հինգերորդ Միսսիոնարական Համագումարը, որ կը քննարկէ «Ամերիկան միսսիոնարութեան մէջ, Աւետարանը ուրախութիւն է»։ Կարդինալ Ֆիլոնի, իբր մասնաւոր պատուիրակ Սրբազան Պապի կողմէ, Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ կատարեց համագումարի բացումը։ Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ ծիրանաւորը նկատեց, թէ միսսիոնարական գործունէութիւնը «մարդասիրութիւն» չէ եւ ոչ ալ կը բխի «մեր բարեացակամ գործերէն», այլ նախ եւ առաջ «օրհնութիւն» է բոլորին համար, որոնց կը քարոզուի Աւետարանը։ Բորոր գործերը, որոնք կը կատարուին աղքատներու հանդէպ , այսինքն «գոյութեան բոլոր արուարձաններուն» հանդէպ, իբր անխզելի կապ ունին Յիսուսի անունը, հետեւաբար օրհնութիւն են»։Միսսիոնարին էութիւնը երկու հիմնական ասպարէզներ ունի։ Առաջինը՝ աւետարանել Յիսուսը, անոր հոգատարութիւնը՝ ի տես մեր մեղքերուն եւ անոր շնորհած ներումը։ Եթէ բացառենք այն գիտակցութիւնը այն բոլոր բաներուն որոնք Աստուած գործած է իմ կեանքիս մէջ, կը մնանք մակերեսային եւ կը կորսնցնենք արժանահաւատութիւնը։ Երկրորդն է՝ վկայութիւն պէտք է ըլլայ արժանահաւատ։
Երանելի Մայր Մարիա Ինիացիա տի Ճեզու, եղած է «մեր ժամանակներու վաւերական միսսիոնարուհի»։ Սպանիա ծնած այս երանելին ապրած է 19րդ դարու վերջը մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը։ Պոլիվիայի մէջ ան կը յայտնաբերէ մեծ սէր միսսիոնարական առաքելութեան հանդէպ եւ կը հիմնէ նոր հաստատութիւն մը որ կʼանուանէ «Եկեղեցւոյ Խաչակիր Միսսիոնարուհիներ», նուիրուած աղքատներուն եւ գաղթականներուն։ Երանելի Մայր Մարիա Ինիացիա տի Ճեզու սուրբերու կարգին պիտի դասուի առաջիկայ հոկտեմբերի 14ին, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ։
Ամերիկեան Հինգերորդ Միսսիոնարական Համագումարին մաս կը կազմեն 2500 պատուիրակներ եւ միսսիոնարներ, որոնք այս օրերուն պիտի լսեն վկայութիւններ եւ մաս պիտի կազմեն խմբային քննարկումներու եւ աշխատանքներու։ Այս ընթացքին, ժամանակ պիտի յատկացուի աղօթքի։ Համագումարի սկիզբէն քանի մը օր առաջ, Սանթա Քրուզ տէ լա Սիերրայի արքեպիսկոպոս, Սերճօ Կուալպերթի յիշեցուցած էր, թէ այս համագումարի նպատակն է խթանել «միսսիոնարական ճշմարիտ դարձ մը», որ կարող ըլլայ տարածել «Աւետարանի ուրախութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն», «յատուկ ուշադրութիւն շնորհելով այսօրուան աշխարհի ոչ միայն ֆիզիքական այլ եւ գոյութենական արուարձաններուն»։ Համագումարի փակումը պիտի կատարուի շաբաթ, յուլիսի 14ին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 09:35