Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փաուլօ Ռուֆինի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փաուլօ Ռուֆինի 

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին շնորհաւորութիւնները Փաուլօ Ռուֆինիին

Փնտռել եղելութիւններու ճշմարտութիւնը, առանց ծածկելու չարը, փնտռելով այն ինչ որ դժոխքի իրականութիւնը չէ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի ընկերային հաղորդամիջոցներու ազգային գրասենեակի տնօրէնը, շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդամիջոցներու Բաժանմունքի Վարիչին, Փաուլօ Ռուֆֆինիի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Փաուլօ Ռուֆֆինին նշանակած է Վարիչ Սուրբ Աթոռի Հաղորդամիջոցներու Բաժանմունքի։

Շնորհակալագիրին մէջ Տնօրէնը կը յիշէ շարք մը նուաճումներ, կատարուած իրենց համագործակցութեան ընթացքին։ Ան կը նշէ, թէ ինչպէս հակառակ դժուարութիւններու միշտ աշխատանք տարած են կերտելու հաղորդակցութիւն մը՝ հիմնուած գեղեցիկին վրայ, միշտ ջանք թափած են իրենց փոքր կարողութիւնները վերածել ուժի, խօսիլ ժամանակակից լեզուն, քննարկումի ենթարկելու ներկայ ժամանակի սուտ ճշմարտութիւնները։

Տնօրէնը կը նկատէ, թէ միշտ ձգտած են փոխելու այն տեսակէտը, որով սովորաբար կը դիտուի եւ կʼապրուի այսօրուան կեանքը։ Անոնք մերձեցումի անհամբեր կեցուածքէն անցած են մերձեցումի համբերատար կեցուածքի եւ երկխօսութեան, որ ցոյց կու տայ իրականութեան բարդ կառոյցը, եւ կեանքի հարթակին կը վերադարձնէ ճշմարտութիւնը։ Յիշողութիւնը ջնջելու մշակոյթէն անցած են յիշատակումի մշակոյթին, ոչ թէ կառուցելու համար պատնէշներ, այլ իբր օգնութիւն՝ որ չկատարուին նոյն սխալները։ Անոնք աշխատած են անհատները առաջնորդել իրականութեան, զանոնք ազատելու սուտ ներկայացումներուն հրապոյրէն։ Աշխատանք տարուած է վերակերտելու մշակոյթ մը, պատկանելիութիւն մը՝ հիմնուած մերձակայութեան վրայ՝ իբր հակաթոյն հեռաւորութեան եւ ընդդիմութեան փիլիսոփայութեան, ինչպէս եւ փնտռել եղելութիւններու ճշմարտութիւնը, առանց ծածկելու չարը, փնտռելով այն ինչ որ դժոխքի իրականութիւնը չէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 15:36