Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինի Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինի 

Փաուլօ Ռուֆֆինիի պատգամը Արեւելեան Ափրիկէի եպիսկոպոսաց դասի անդամներուն

Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բարեփոխումը պիտի չ՝անտեսէ Ափրիկեան երկիրները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւթոպիոյ Ատտիս Ապեպա մայրաքաղաքին մէջ Արեւելեան Ափրիկէի եպիսկոպասց դասին տարեկան 19 լիագումար նիստին առիթով, Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բաժանմունքի նորանշանակ կառավարիչ՝ տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին պատգամ մը յղած է յիշեալ եպիսկոպոսաց դասի անդամներուն, որուն մէջ ապահովեցուցած է Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բաժանմունքի գործակցութիւնը ՝Ափրիկէին եկեղեցւոյ հետ , ոչ միայն սփռելու համար Աւետարանին պատգամն ու Քահանայապետին ձայնը, այլ հաղորդելու Ափրիկէի ցամաքամասին կենդանարար լուրերը, անոր արձանագրած յաջողութիւնները ինչպէս նաեւ ցամաքամասին մարտահրաւէրներն ու վիշտերը:

Տիար Փաուլօ Ռուֆինին պատգամին մէջ անդրադարձած է 1994-ին գումարուած Ափրիկէի նուիրուած սիւնհոդոսին , որուն ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շարքին շօշափուած է նաեւ թեմական Ռատիոկայաններու ստեղծման ծրագիրներն ու անոնց իրագործումը, զանոնք նկատելով մարգարէական , քաջարի եւ հեռատես որոշում մը։

Վատիկանի հաղորդամիջոցներու կառավարիչը ակնարկեց ապա ժամանակից շրջանին հաղորդամիջոցներու թուայնացման գործընթացին դիտել տալով, որ ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անդրադարձած է այդ նիւթին շեշտելով , որ թուայնացումի գործընթացը պէտք չէ անտեսէ այն բոլոր երկիրները, որոնք քիչ հնարաւորութիւն ունին օգտագործելու թուայնային արհեստավարժ նոր միջոցները ընդգծելով նաեւ որ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բարեփոխումը պիտի չ՝անտեսէ եւ պիտի չի լքլէ այդ երկիրները որոնց մեծ մասը կը գտնուին Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ։

Վատիկանի Հաղորդամիջոցներու բաժանմունքի կառավարիչը ապա հրաշալի զուգադիպութիւնը նկատած է Ատիս Ապեպայի մէջ եպիսկոպոսներուն հանդիպումը, Եւթոպիոյ եւ Էրիթրէայի միջեւ խաղաղութիւն կերտելու կամքը յիշել տալով ֆրանիսկոս Պապին խօսքը «երկխօսութեան փափաքը Ափրիկէի երկու երկիրներուն մէջ, յոյսի լոյս է համայն Ափրիկէի ցամաքամասին համար»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2018, 10:09