Նիքարակուայի եպիսկոպոսները Նիքարակուայի եպիսկոպոսները 

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի զօրակցութիւնը Նիքարակուայի մէջ համերաշխութեան գործընթացին:

Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը կիսեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնը Նիքարակուայի նկատմամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Նիքարաքուայի մէջ համերաշխութեան եւ ընկերաքաղաքական հարցերը խաղաղ բանակցութեան միջոցաւ լուծելու գործընթացին :

«Եւրոպական միութենէն կը փափաքիմ խնդրել, որ զօրակցին Նիքարակուայի եպիսկոպոսներուն ձեռնարկած միջնորդութեան եւ համերախութեան ջանքերուն, ազգային երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան ի խնդիր:

Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսներուն յանձնախումբի արտաքին գործերու բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Ռիմանթաս Նովիլլ հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան կը դատապարտէ Մանակուա թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լեոփոլտօ Պրեսնեսի դէմ գործադրուած բռնութեան արարքը. ինչպէս նաեւ Նիքարակուայի մէջ Պապական նուիրակի դէմ կատարուած նախատինքները:

Գերապայծառը, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց յանձնախումբի անունով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նիքարակուային եկեղեցւոյ՝ երկրի դժուար ժամանակամիջոցին, կիսելով ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւնը Նիքարակուայի նկատմամբ:

Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Նիքարակուայի մէջ քաղաքական վիճակը վատթարացած է՝ երկրի մէջ տնտեսական տագնապի եւ ընտրութիւններուն առնչուող հարցերու հետեւանքով, որ մինչեւ այսօր պատճառած է աւելի քան 250 մեռեալներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2018, 11:07