Որոնել

Մեճուկորիէի սրբավայրը Մեճուկորիէի սրբավայրը 

Մեճուկորիէի մէջ սկիզբ կ՝առնէ Սուրբ Աթոռի յատուկ պատուիրակի պաշտօնէութինը

Գերապայծառ Հենրիք Հոսերի առաքելութիւնը նպատակ ունի ճանչնալ Մեճուկորիէի ժողովրդապետութեան հովուական ծառայութեան իրականութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մեճուկորիէի ժողովրդապետութեան մէջ, ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուած որպէս առաքելական յատուկ պատուիրակ՝ Լեհ արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Հերիք Հոսեր, կիրակի՝ 22 յուլիսին՝ երեկոյեան, 7,00ին, Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ , սկիզբ կու տայ իրեն յանձնուած յատուկ պաշտօնին: Այս առնչութեամբ Մեճուկորիէի ժողովրդապետութիւնը հրաւէր ուղղած է բոlոր հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն մասնակցելու յիշեալ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Նշենք, թէ 11 փետրուար 2017-ին, Լեհաստանի Վարսաւիա եւ Փրակա թեմերուն երբեմնի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Հոսեր, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուած է որպէս Սուրբ Աթոռի յատուկ պատուիրակ Մեճուկորիէի ժողովրդապետութեան: Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը յայտնած է , թէ գերապայծառ Հենրիք Հոսերի առաքելութիւնը նպատակ ունի ճանչնալ Մեճուկորիէի ժողովրդապետութեան հովուական ծառայութեան իրականութիւնը, մասնաւորապէս հոն հասնող հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն կարիքները, եւ ասոնց հիման վրայ թելադրել ապագային որդեգրելիք հովուական ծառայութեան ծրագիրներ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ գերապայծառին առաքելութիւնը ունի լոկ հովուական ծառայութեան հանգամանք , նկատել տալով, որ յատուկ պատուիրակին առաքելութիւնը նշան է Սրբազան Հօր ուշադրութեան՝ ուխտաւորներուն նկատմամբ: Գերապայծառ Հոսերիին առաքելութեան նպատակը հարցաքննութիւն կատարել չէ, ան միջամուխ պիտի չըլլայ Տիրամօր յայտնութիւններու հարցերուն, որոնք կը պատկանին լոկ հաւատոյ ժողովին : Գերապայծառ Հոսեր կապի մէջ պիտի մնայ թեմի եպիսկոպոսին եւ Ֆրանչիսկեան փոքրիկ եղբայրներուն հետ, որոնց հոգածութեան յանձնուած են Մեճուկորիէի ժողովրդապետութիւնն ու հաւատացեալները: Այս մասին յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2018, 11:08