Որոնել

Կարդինալ Թեոտոր Մաքքառիք Կարդինալ Թեոտոր Մաքքառիք 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կարդինալ Թեոտոր Մաքքառիքի հրաժարականը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Կարդինալ Թեոտոր Մաքքառիքի հրաժարականի մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 յուլիս, 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ ուրբաթ, 27 յուլիսին՝ երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ստացած է Ուաշինկթընի թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Թեոտոր Մաքքառիքի հրաժարականի նամակը, որուն մէջ ծիրանաւորը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ կարդինալական դասին անդամակցութենէն:

Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով կարդինալին հրաժարականը հրահանգած է պաշտօնազրկել ծիրանաւորը իր հանրային որեւէ պարտականութիւններէն, ստիպելով զինք մնալու իրեն առաջարկուելիք բնակարանին մէջ՝ աղօթքի եւ ապաշխարութեան կեանքի համար, մինչեւ որ կարդինալին հասցէին ուղղուած մեղադրանքները յստականան՝ եկեղեցական կանոնաւոր դատավարութեան միջոցաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2018, 12:49