Կարդինալ Ճան Լուի Թոռան Կարդինալ Ճան Լուի Թոռան 

Կարդինալ Ճան Լուի Թոռանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ Սուրբ Պետորսի մէջ

Հանգուցեալ ծիրանաւորը եղած էր քահանայապետական միջ-կրօնային խորհուրդի նախագահը: Ան հոգին աւանդեց առ Աստուած 75 տարեկանին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան երբեմնի՝ նախագահ եւ Հռոմի Սուրբ եկեղեցւոյ Քամերլենկօ՝ Ֆրանսացի Կարդինալ Ճան Լուի Թոռանին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ հինգշաբթի, 12 յուլիսին՝ առաւօտեան 10,45-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին եւ ներկայութեամբ ծիրանաւորներուն ու եպիսկոպոսական դասին։

Յուղարկաւորութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ թաղման կարգին վերջին մասը::

Յայտնենք թէ Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ՝ կարդինալ Ճան Լուի Թոռան հոգին աւանդեց առ Աստուած, անցեալ հինգշաբթի, 5 յուլիս 2018-ին, Միացեալ նահանգներուն մէջ, ուր գացած էր բուժուելու համար, տրուած ըլլալով որ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը տառապէր «Փարքինսոն» հիւանդութենէն։

Կարդինալ Թոռան այս աշխարհէն հեռացաւ 75 տարեկանին: Ան աւելի քան 10 տարի ստանձնած էր միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը: Ծիրանաւորին ամենէն շատ յիշատակելի դէպքերէն մին կը համարուի, Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետ ընտրուելու հռչակումը՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարի կեդրոնական պատշգամէն:

Կարդինալ Ճան Լուի Թոռանի մահուան տխուր առիթով, անցեալ շաբաթ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ծիրանաւորին քրոջ յղած ցաւակցագիրին մէջ մեծարած էր կարդինալը որպէս «խորունկ հաւատքի մարդ» գնահատելով յատկապէս միջ-կօրնականան երկխօսութեան ծիրէն ներս «մահմետական աշխարհին հետ վստահութեան եւ յարգանքի կապեր հաստատելուն համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2018, 08:00