Որոնել

Կարդինալ Ժաօ Պրազ տէ Աւիզ Կարդինալ Ժաօ Պրազ տէ Աւիզ  

«Ecclesia Sponsae Imago» (Եկեղեցւոյ Պատկերը իբր Հարս) Նուիրեալ Կոյսերու վիճակի հայող հրահանգագիրը։

Առաջին անգամն է, որ Սուրբ Աթոռի փաստաթուղթ մը կը խորանայ նուիրեալ կեանքի այս յատուկ ձեւին վրայ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

2020 թուականին, Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նուիրեալ Կոյսերու միջազգային հաւաքը, Սրբազան Պապին հետ միասնաբար նշելու հինաւուրց գոյութիւն ունեցող Ordo Virginum (Նուիրեալ Կոյսերու) վիճակի վերարծարծման 50ամեակը։ 1970 թուականին, Երանելի Պօղոս Զ. Պապը վաւերացուցած էր յիշեալ վիճակի արարողութիւնը։ Այժմ, Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու Սուրբ Աթոռի Ժողովը եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերակցութիւնները հրապարակած են Ecclesia Sponsae Imago հրահանգագիրը։ Այս փաստաթուղթը պտուղն է սիւնհոդոսական աշխատանքի, որուն նպատակն է եպիսկոպոսներուն, նուիրեալ կոյսերուն եւ կազմաւորումի մէջ գտնուող կիներուն հրամցնել ուղեցոյց մը։

Նուիրեալ Կոյսերու սովորութիւնը Եկղեցին ունեցած է արդէն առաքելական ժամանակներէ։ Եկեղեցւոյ Հայրերը այդ կոյսերը անուանած են նաեւ «Քրիստոսի Հարս», տիտղոս մը, որ տրուած է Եկեղեցւոյ։

Փաստաթուղթը նախ կու տայ պատմական մը, նկատի առնելով խորհրդանշական կէտեր, արարողակարգեր, աւանդութիւններ, փափաքելով նոր թափ մը տալ այդ վիճակին՝ ամբողջովին այլափոխուած իրականութեան մը մէջ։ Նուիրեալ Կոյսերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց սովորական կեանքը, առանց պարտադրաբար կրելու քօղը։ Անոնք կրնան ապրիլ առանձին, կամ իրենց ընտանիքներուն մօտ եւ կամ կուսաստաններու, մայրապետներու վանքերու մէջ։ Նուիրեալ Կոյսերու վիճակը դարերու ընթացքին ունեցած է հրապուրիչ բացառիկ ոյժ մը, ներկայանալով իբր հարստութիւն ամբողջ Եկեղեցւոյ համար։ Ներկայիս ան կրնայ ժամանակավրէպ թուիլ, սակայն կը պահէ իր թարմութիւնը եւ հրապոյրը։ Կարդինալ Ժաօ Պրազ տէ Աւիզ, կառավարիչ Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու Ժողովին, կը մաղթէ որ այդ հարստութիւնը տօնախմբուի 2020 թուականին Հռոմի մէջ, Սրբազան Պապին հետ միասին՝ միջազգային մեծ հանդիպումի մը ծիրէն ներս։

Նուիրեալ Կեանքի ձօնուած տարւոյն մէջ, Նուիրեալ Կոյսերու թիւը մեծապէս աճած էր հինգ ցամաքամասերուն մէջ, հասնելով աւելի քան հինգ հազարի։ Միշտ աւելի դիմումներ ներկայացուած էին թեմական եպիսկոպոսներուն, որոնց վստահուած է Նուիրեալ Կոյսերու հովուական խնամքը։

Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու Ժողովի քարտուղար, Գերապայծառ Խոզէ Ռոտրիկէզ Քարպալլօ, փաստաթուղթի ներկայացման ժամանակ երեք կէտեր կը պարզաբանէ։

Առաջին մասին մէջ անդրադարձ կը կատարուի «Կոչումի եւ Վկայութեան»։ Նուիրեալ կոյսերու կոչումը ունի աստուածաշնչական եւ քրիստոսաբանական հիմք։ Այնտեղ կը ներկայացուի այդ նուիրեալ վիճակի շնորհապարգեւը եւ կը բացայայտուի անոր մարեմեան նկարագիրը։ Կոյսերու կոչումն է հետեւիլ Քրիստոսի, ընդգրկելով անոր ողջախոհ, աղքատ եւ հնազանդ կենցաղը։ Անոնք կը նուիրուին աղօթքի, ապաշխարութեան, ողորմածութեան գործերու՝ առանց անտեսելու առաքելութիւնը եւ ընկալելով Աւետարանը իբր հիմնական կանոն իրենց կեանքին։

Հրահանգագրին երկրորդ բաժինը կը ներկայացնէ Նուիրեալ Կոյսերու վիճակը Տեղական Եկեղեցւոյ եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ շրջանակէն ներս։ Նուիրեալ վիճակը կʼիրականանայ թեմի մը մէջ արմատացած ըլլալով։ Նուիրեալը պէտք է զգայ թէ տեղական Եկեղեցւոյ դուստրն է, մաս կը կազմէ անոր սրբացումին, կը նպաստէ անոր կերտումին եւ առաքելութեան։ Փաստաթուղթի այս բաժնին մէջ նկատի առնուած են կեցութեան, տարբեր թեմ անցումի եւ տնտեսական աջակցութեան հարցեր։

Երրորդ մասը կը հայի «Կոչումի Կշռադատումի եւ Կազմաւորումի»։ Մասնաւոր շեշտ կը դրուի թեմական Եպիսկոպոսի դերին վրայ, որ պէտք է կշռադատէ խնդրարկուներու կոչումը, նախատեսէ որ իւրաքանչիւրը ստանայ սկզբնական ճշգրիտ կազմաւորում մը, նախագահէ արարողութիւններուն եւ նուիրեալներուն ընկերակցի ու աջակցի անոնց մնայուն կազմաւորումի ընթացքին։

Կարդինալ Ժաօ Պրազ տէ Աւիզ կʼընդգծէ, թէ Հրահանգագիրը կʼուզէ «օգնել, յայտնաբերելու այս կոչումի գեղեցկութիւնը, եւ նպաստել՝ ցոյց տալու Տիրոջ գեղեցկութիւնը որ կը փոխակերպէ շատ մը կիներու կեանքը, որոնք այդ փորձառութիւնը կʼապրին ամէն օր։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2018, 08:24