Որոնել

Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան 

Ոչ եւս է Կարդինալ Թոռան՝ Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։

Ան 75 տարեկան էր եւ կը տառապէր «Փարքինսոն» հիւանդութենէն։ 2013-ին աշխարհին հռչակեց Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միացեալ նահանգներուն մէջ 75 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը, Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։ Ան Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր խնամուելու համար «Փարքինսոն»  հիւանդութենէն։ 13 Մարտ 2013-ին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին յայտարարած էր ու երկայնացուցած Ֆրանչիսկոս Պապը։

Կարդինալ Թոռանի վերջին առաքելութիւններէն մին եղաւ անցեալ ապրիլին Սէուտական Արաբիա կատարած ճամբորդութիւնը, ուր հաստատած էր թէ «մեզ սպառնացողը այսօր՝ քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումը չէ, այլ տգիտութեան եւ արմատականութեան բախումը»։ Ան նաեւ հաստատած էր թէ «Ապագան հիմնուած է դաստիարակութեան վրայ։ Քրիստոնեաները երկրորդ դասակարգի քաղաքացիները պէտք չէ նկատուին»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները

Կարդինալ Թոռանի մահուան ի լուր Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց անոր քրոջ՝ Տիկին Ժընեվիեւ Տիւպէրին, անոր փոխանցելով իր ցաւակցութիւնները ու ապահովեցնելով իր աղօթքները եւ ննջեցեալին հոգին յանձնելով Աստուածային ողորմութեան։ Հեռագիրին մէջ Սրբազան Պապը նշեց Կարդինալին ծառայական գործունէութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ ու կարեւորեց յատկապէս միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս անոր տարած աշխատանքը։

«Թող որ Տէրը  իր այս ծառան ընդունի իր անվերջ խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ» գրեց ապա Սրբազան Պապը հեռագիրի աւարտին ննջեցեալի բոլոր սիրելիներուն, բարեկամներուն ու ծանօթներուն վրայ հայցելով աստուածային մխիթարութեան օրհնութիւնները։

Կարդինալ Թոռան ծնած էր Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ 5 ապրիլ 1943-ին։  Պորտոյի թեմական նորընծայարանը երկու տարի յաճախելէ ետք, կ՛ուղարկուի Հռոմ՝ Ֆրանսական Քահանայապետական Վարժարան ու կը յաճախէ Գրիգորեան համալսարանը, ուր կ՛աւարտէ իր աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական բարձրագոյն ուսումները։

1964-1965 տարեշրջանին զինուորական ընկերային ծառայութիւնը կը մատուցէ՝ ուսուցանելով Լիբանանի Կաթողիկէ մէկ դպրոցի մը մէջ ։

Քահանայ կը ձեռնադրուի 20 դեկտեմբեր 1969-ին ու կը ծառայէ Պորտոյի մէկ ժողովրդապետութեան մէջ միեւնոյն ժամանակ յաճախելով եկեղեցական իրաւագիտութեան կաթողիկէ համալսարանը։

1973-ին կը կանչուի Հռոմ, ուր կը յաճախէ Եկեղեցական Քահանայապետական ակադեմիան, ուր կը կազմուին Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները ու Գրիգորեան համալսարանի մէջ կ՛աւարտէ իրաւագիտական ուսումները։

1976-ին դիւանագիտական ծառայութիւն կը մատուցէ Տոմինիքեան հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրկութեան մէջ  ապա կը փոխադրուի Լիբանանի առաքելական նուիրակութիւն 1979էն մինչեւ 1983, երբ դարձեալ կը վերադառնայ Հռոմ ուր կը պաշտօնավարէ Եկեղեցւոյ Հանրային գործունէութեան խորհուրդի ներքոյ, որ յետագային կը դառնայ «Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարութիւն»։

Դիւանագիտական տարբեր պաշտօններ ստանձնելէ ետք՝ Արքեպիսկոպոս կ՛ընտրուի 1  դեկտեմբեր 1990-ին եւ  6 Յունուար 1991ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ձեռամբ ընդունեց եպիսկոպոսական օծումը, հուսկ 13 տարիներ ամբողջ ծառայելէ ետք Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի ներքոյ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով կ՛ընդունի կարդինալական տիտղոսը՝ 21 հոկտեմբեր 2003-ին եւ նոյն տարուայ 24 նոյեմբերին կ՛անուանուի Հռոմէական Եկեղեցւոյ դիւանապետ եւ գրադարանապետ, մինչ 25 յունիս 2007-ին Պենետիկտոս ԺԶ զայն կ՛անուանէ Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2018, 09:18