Կարդինալ Պալտիսսերի Կարդինալ Պալտիսսերի 

Կարդինալ Պալտիսսերի – «Սիրոյ Ուրախութիւնը» շրջաբերականը կողմնացոյց մըն է:

Ամբողջ ընկերութիւնը հաւաքական ջանքով պէտք է օգնէ երիտասարդներուն որ չխորտակեն կամուրջները աւանդութեան հետ

Հայր Ներսէս Վրդ. Սագաեան

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար, Կարդինալ Պալտիսսերի անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի տեսերիզային պատգամին, որ ուղարկած էր Մարթինիքի մէջ Անթիլներու Եպիսկոպոսական Ժողովի կողմէ կազմակերպուած երիտասարդներու երեքամեայ հաւաքին մասնակիցներուն, ուշադրութեան յանձնած է, թէ ընտանիքի եւ երիտասարդութեան հարցերը կարելի չէ բաժնել իրարմէ։ Ապա ծիրանաւորը նկատած է, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ երիտասարդներէն որ կանգուն պահեն ընտանիք կառոյցը, որպէսզի ան կարենայ շարունակել ըլլալ վայր մը ուր անոնց ապագայ զաւակները աճին ուղիղ եւ առողջ կերպով։»

Կարդինալ Պալտիսսերի կը շեշտէ, թէ կարենալ աւելի լաւ կերպով աջակցիլու ընտանքին, պէտք է փոխակերպել զայն։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս պարտականութիւնը կը վստահի երիտասարդներուն եւ կը խթանէ զանոնք որ չմնան նստած եւ հանգստաւէտ վիճակի մէջ, այլ պայքարին՝ կանգուն պահելու ընտանիք կառոյցը։ Կարդինալ Պալտիսսերի կը թուէ նաեւ այն միջոցները, որոնք երիտասարդներու տրամադրութեան տակ են, կարենալ յառաջ տանելու պայքարը։ Առաջին «զէնքը» ճիշտ ուղեցոյցեր են, որոնք կը գտնուին «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականին մասնաւորապէս չորրորդ գլխուն մէջ։ Երիտասարդները միաժամանակ պէտք է աշխատին այս ուղեցոյցները այժմէականացնել եւ ապագայի ատակ դարձնել, առանց սակայն ջնջելու արմատները կամ անցեալը։ Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ, կարելի չէ ունենալ ապագայ՝ առանց անցեալի եւ արմատներու։ Ամբողջ ընկերութիւնը հաւաքական ջանքով պէտք է օգնէ երիտասարդներուն որ չխորտակեն կամուրջները աւանդութեան հետ։

Կարդինալ Պալտիսսերի ապա անդրադարձած է երիտասարդներու նուիրուած սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահներուն, եւ «լուսանցքի վրայ գտնուող եկեղեցիին, որ պիտի ըլլայ կենդրոնական»։ Երիտասարդներու նուիրուած սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ տարւոյս 3-28 հոկտեմբերին։ Այնտեղ պիտի քննարկուի նաեւ ընտանիքի հարցը։ Ընտանիքի հարցը կենդրոնական կը մնայ, ապահովցուցած է Կարդինալ Պալտիսսերի, որովհետեւ «այս երկու տարիներու պատրաստութեան շրջանին անդրադարձանք, թէ երիտասարդները ընտանիքը կը պահեն իրենց սրտին, իրենց մտածումներուն եւ իղձերուն մէջ։»

14 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ անուանած էր Սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահները – Կարդինալ Լուիզ Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ՝ Պատրիարք Քաղդէացիներու, Կարդինալ Տեզիր Ցարահազանա՝ Արքեպիսկոպոս Թոամասինայի (Մատակասքար) եւ Կարդինալ Չարլզ Մաունկ Պօ՝ Արքեպիսկոպոս Եանկոնի (Մեանմար)։ Կարդինալ Պալտիսսերի խանդավառութեամբ արտայայտուած է այս ընտրութեան նկատմամբ ըսելով՝ «Քահանայապետը, այս անուանումներով ուզած է տալ տիեզերական դրոշմ մը։ Ուզած է հասնիլ աշխարհի ծայրամասերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2018, 10:27