Որոնել

Կարդինալ Փարոլինի դասախօսութիւնը Կարդինալ Փարոլինի դասախօսութիւնը 

Կարդինալ Փարոլինը դատապարտեց 1915-ի եղեռնը։

Ա աշխարհամարտը կարելի դարձուց իրողութիւն մը որ այսօր եւս մեր մէջ սարսափ կը յառաջացնէ. Զանգուածային կոտորածներու սկիզբը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 12 Յուլիս 2018-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեզիա-Ճուլիա Մարզի  Կորիցիա թեմին Աքուիլէա քաղաքին մէջ ներկայացուց «Պատերազմը, բոլորին համար պարտութիւն է, Ա աշխարհամարտի աւարտէն 100 տարիներ ետք» խորագիրով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այդ շրջանին Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան ու յատկապէս Պենետիկտոս ԺԵ երջանկայիշատակ քահանայապետի ջանքերուն՝ կասեցնելու համար այդ «անիմաստ սպանդը» որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ եւ որուն վէրքերը անջնջելի հետքեր թողուց մարդկութեան պատմութեան մէջ։

Վատիկանի դիւանապետը այս առթիւ անդրադարձ կատարեց նաեւ 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան նշելով թէ «Ա աշխարհամարտը կարելի դարձուց իրողութիւն մը որ այսօր եւս մեր մէջ սարսափ կը յառաջացնէ. Զանգուածային կոտորածներու սկիզբը, որուն այդ ժամանակ թիրախ դարձաւ հայ ժողովուրդը եւ որ անհրաժեշտ դարձուց նոր բառի մը ստեղծումը, որ մինչեւ այդ ժամանակ գոյութիւն չունէր ոչ մէկ բառապաշարի համար, ցեղասպանութիւն բառը, որ այսօր, դժբախտաբար, մաս կը կազմէ մեր ընթացիկ լեզուին»։

Կարդինալ Փարոլին ներկայացուցած երկարաշունչ դասախօսութիւնը եզրափակեց Ֆրանչիկսոս Պապին խօսքերով « Պատերազմը կը կործանէ ու կը կործանէ նաեւ այն ինչ որ Աստուած ստեղծեց որպէս գեղեցիկ՝ մարդ արարածը։ Պատերազմը կը քանդէ ամէն ինչ, նոյնիսկ եղբայրներու միջեւ կապերը։ Պատերազմը խելագարութիւն է ու անոր զարգացումի ծրագիրը կործանում է…Բոլոր այդ անիմաստ սպանդի ու բոլոր ժամանակներու խելագար պատերազմներու  զոհերուն համար, մարդկութիւնը կարիքն ունի արտասուելու ու այժմ ժամն է արտասուքի»։ Ծիրանաւորը մէջբերեց նաեւ  շաբաթ 7 յուլիս 2018-ին Պարի քաղաքին մէջ կայացած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի ու խորհրդակցութեան առթիւ Քահանայապետին յորդորը «Քրիստոնեաները աշխարհի լոյսն են, ոչ միայն երբ մեր շուրջ ամէն ինչ գեղեցիկ է, այլեւ պատմութեան խաւար պահերու ընթացքին, անոնք չեն համակերպիր մթութեան  ու յոյսի պատրոյգը կը սնուցանեն աղօթքի եւ սիրոյ իւղով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2018, 13:39