Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա 

Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ակադեմիայի 24-րդ լիագումար նիստ։

Լիագումար նիստը սկիզբ կ՛առնէ 25 յունիսի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետին մասնակիցներուն շնորհած յատուկ ունկնդրութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 յունիս 2018-ի ժամը 13-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցող մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, կը ներկայացուի Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ակադեմիայի 24-րդ լիագումար նիստը, «Equal beginnings. But then? A global responsibility» խորագիրով ։

Այս առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Ակադեմիայի նախագահը գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Ակադեմիայի դիւանապետ՝ գերապայծառ Ռենցօ Փեկորարօ եւ Եգիպտոսի «International Health, Saint Joseph Institute»ի մասնագէտ՝ Տոքթ Սանտրա Ազապ։

Լիագումար նիստը սկիզբ կ՛առնէ 25 յունիսի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետին մասնակիցներուն շնորհած յատուկ ունկնդրութեամբ։ Նիստի աւարտը նախատեսուած է 27 յունիսին։ 25 յունիսի յետմիջօրէին նախատեսուած է ապա հանրային աշխատաժողով որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ  «Հաւասար ծնունդով։ Համայնական պատասխանատուութիւն» իսկ 26 յունիսին պիտի քննարկուի մայրական ու մանկական հիւանդութիւններու հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 08:24