Կուաթեմալայի Ֆուէկօ հրաբուխը Կուաթեմալայի Ֆուէկօ հրաբուխը 

Պապին ցաւակցագիրը՝ Կուաթեմալայի «Fuego» հրաբուխի ժայթքումի զոհերուն։

Քահանայապետը իր աղօթքները կը նուիրէ զոհերուն համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք վնասներ կռեցին այդ բնական աղէտի հետեւանքով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 5 Յունիս 2018-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց յանուն Ֆրանչիսկոս  Պապին՝ Կուաթեմալայի մօտ առաքելական նուիրակին, որուն մէջ բացայայտեց Նորին Սրբութեան խոր ցաւը՝ ի տես Կուաթեմալայի «Fuego» հրաբուխի ժայթքումի հետեւանքով զոհուած անձերուն ու անոր պատճառած մեծ աւերներուն։

«Քահանայապետը իր աղօթքները կը նուիրէ զոհերուն համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք վնասներ կռեցին այդ բնական աղէտի հետեւանքով» գրած է Կարդինալ Փարոլինը ապա առաքելական նուիրակէն խնդրած է որ Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցութիւնները փոխանցէ զոհերու ընտանիքներուն, որոնք կ՛ողբան իրենց սիրելիներուն մահը, ինչպէս նաեւ իր մօտիկութիւնը՝ բոլոր անոնց որոնք թիկունք կը կանգնին վիրաւորներուն ու վնասներ կրած ընտանիքներուն։

«Մինչ կը հայցէ Տիրոջմէ որ բոլորին պարգեւէ զօրակցութեան եւ հոգեկան անդորրութեան պարգեւը Նորին Սրութիւնը բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները» գրած է հուսկ կարդինալ Փարոլինը հեռագիրի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2018, 14:05