Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ողջունէ ֆութպոլի համաշխարհային ախոյեանութեան մարզիկները

«Իմ սիրալիր ողջոյնս կը փոխանցեմ Ֆութպոլի համաշխարհային խաղերուն մարզինկներուն»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ,  14 յունիսին՝ յետմիջօրէին, հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ ուզեց յատուկէն ողջունել այսօր սկիզբ առնող ֆութպոլի համաշխարհային ախոյեանութեան մասնակից մարզիկները ու այդ ախոյեանութեան խաղերուն հետեւորդները:

«Իմ սիրալիր ողջոյնս կը փոխանցեմ խաղցողներուն եւ բոլոր անոնց որ պիտի հետեւին ոտնագունդի համաշխարհային ախոյեանութեան խաղերուն, որոնք կը սկսին այսօր» գրեց Սրբազան Քահանայապետը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 13:52