Նոր Կարդինալներու այցը Պենետիկտոս ԺԶ-ին Նոր Կարդինալներու այցը Պենետիկտոս ԺԶ-ին 

Նորընտիր կարդինալները այցելեցին Պենետիկտոս ԺԶ-ին։

14 նոր կարդինալներն ու երկու քահանայապետերը վանքի մատրան մէջ միասնաբար աղօթեցին «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 28 Յունիս 2018-ի երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած Կարդինալական հանրային ժողովի աւարտին, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 14 նոր կարդինալներուն շնորհեց Ծիրանաւորի տիտղոսը, նորընտիր կարդինալները, Ֆրանչիսկոս Պապին առաջնորդութեամբ այցելութիւն տուին  վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ին, Վատիկանի Մաթեր Էքքլեզիա վանքի իր բնակավայրին մէջ։ 14 նոր կարդինալներն ու երկու քահանայապետերը վանքի մատրան մէջ միասնաբար աղօթեցին «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ ողջոյնի խօսքէն եւ օրհնութենէն ետք, անոնք վերադարձ կատարեցին Պօղոս Զ անուան սրահ եւ առաքելական պալատ ուր տեղի ունեցան շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2018, 08:53