Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 

Եպիսկոպոսներուն 15 -րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքային փաստաթուղթը

Հրապարակուեցաւ եպիսկոպոսներուն ընդհանուր 15-րդ ժողովին աշխատանքային փաստաթուղթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երեքշաբթի 19 յունիս 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասնեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացին ներկայացուցեաւ «Երիտասարդները, հաւատք, կոչումի զատորոշում» նիւթով յառաջիկայ 23-28 հոկտեմբերին գումարուելիք, Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքի թղթածրարը։

Թղթածրարին մէջ կը նշուի, թէ մարդկութեան մէկ երրորդը՝ այսինքն 1,8 միլիարտը՝ 16-էն 29 տարիք ունեցող երիտասարդներ են, ընդգծելով անոնց ակնկալիքները, յոյսերն եւ անոնց կեանքի դժուարութիւնները:

Թղթածրարը բաժնուած է երեք մասերու. ճանչնալ, մեկնաբանել եւ որոշել կը փորձէ ընթերցումի բանալին շնորհել՝ հասկնալու համար երիտասարդներուն իրականութիւնը հիմնուելով համացանցի միջոցաւ աւելի քան 100 հազար երիտասարդներուն հարցարանին տուած պատասխաններուն վրայ:

Աշխատանքային թղթածրարին մէջ նշուած է, որ այսօրուան երիտասարդները կը փափաքին ունենալ հարազատ եկեղեցի մը, որ գիտէ կիսել իրենց կեանքի իրավիճակը՝ աւետարանի լոյսին տակ եւ ոչ թէ միայն քարոզներ կատարելով: Եկեղեցի մը որ պէտք է՝ ըլլայ յստակ, հիւրընկալ, անկեղծ, հրապուրիչ ինչպէս նաեւ հաղորդակից, եկեղեցի մը կարող երիտասարդները ընկալելու առանց նախապաշարումներու, ողորմած եւ բարեկամ եկեղեցի մը։

Ապա կան ոմանք որոնք ոչ մի բան կ՝ակնկալեն եկեղեցիէն՝ համարելով զայն անիմաստ եւ խանգարիչ ներկայութիւն մը իրենց կեանքին մէջ։ Այս առնչութեամբ թղթածրարը իրաւունք տալով այդ երիտասարդներուն կ՝անդրադառնայ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած սեռային բռնութիւններու հարցին, տնտեսական ու այլ գայթակղութիւններուն, այս ուղղութեամբ դիտել տալով որ երիտասարդները եկեղեցիէն կ՝ակնկալեն զեռօ հանդուրժողականութիւն՝ սեռային բռնութեան արարքներուն նկատմամբ անհանդուրժողականութիւն նաեւ անպատրաստ կղերականներուն նկատմամբ, որոնք կարող չեն ըմբռնել երիտասարդներուն զգացումները: Եւ Անհանդուրժողականութիւն եկեղեցւոյ հանդէպ որ կարող չէ իր քրիստոնէական վարդապետութիւնն եւ բարոյականութիւնը համակերպեցնել ժամանակակից ընկերութեան:

Սիւնոհոդոսական թղթածրարը այս բոլորը կ՛ամփոփէ հետեւեալ եօթը կէտերու մէջ։

Անսալ. Երիտասարդները կը փափաքին որ եկեղեցին մտիկ ընէ իրենց՝ համբերութեամբ, ճիշտ այն վայրերուն մէջ ուր կը գտնուին, բաժնեկցելով անոնց առօրեայի կեանքը»: Պէտք է նկատի առնուին երիտասարդներուն գաղափարներն ու սպասումները: Երիտասարդները կ՝ուզեն մաս կազմել եկեղեցւոյ կեանքին եւ անոնք կը սպասեն որ եկեղեցին մտիկ ընէ իրենց խնդրանքներուն:

Ընկերանալ: Ընկերանալ երիտասարդներուն իրենց հոգեւոր՝ հոգեբանական, կազմաւորումի, ընտանեկան կոչումի բոլոր ուղեւորութիւններուն մէջ :

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է ընկերանալ երիտասարդներուն: Հիմնական է նաեւ դպրոցներուն եւ քրիստոնէական հասարակութիւններու դերակատարութիւնը, որպէսզի երիտասարդները մինակ չի զգան իրենց զիրենք եւ չի համարուին ընկերութեան մնացորդը՝ իրենց ճակատագրին լքուած իրենց աճումի ուղեւորութեան մէջ։

Դարձի գալ՝ ապաշխարութիւն. սինոդական թղթածրարին մէջ կ՝ակնարկուի դարձի գալու զանազան տարբերակներուն: Կայ փոքրամաս երիտասարդ քրիստոնեաներու ողբերգական իրավիճակը, որոնք թիրախ են բռնութիւններու ու հալածանքի ինչպէս նաեւ իրենց դաւանանքը փոխելու ճնշումներուն ու կայ նաեւ կրթական մարզէն ներս բոլոր կրթական հաստատութիւններու դարձի պահանջը, որպէսզի անոնք աւելի ժամանակ տրամադրեն համապարփակ դաստիարակութեան եւ այնպէս մը ընեն որ անոնք միայն տեղեկութիւններ չհաղորդեն այլ վկաները դառնան մարդկային հասունութեան՝ կարող երիտասարդները դարձնելու իրենց կեանքին դերակատարները։ Կայ նաեւ «բնապահպանողական դարձը» որուն նկատմամբ երիտասարդները զգայուն են ու անոնց սատարը այս ուղղութեամբ մեծապէս կարեւոր է հուսկ կայ Եկեղեցւոյ մշակութային դարձը որպէսզի կարողանայ ճանչնցել եւ քաջալերել «նուիրեալ կեանքի» ստեղծագործութիւնը։

Զատորոշում: Թղթածրարին մէջ ամէնէն շատ նշուող բառերէն է զատորոշում բառը՝՝ հասկցուած որպէս «դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը տիպար, որ գիտէ պատասխանել երիտասարդներուն ակնկալիքներուն»: Պատասխանել երիտասարդներուն կեանքի իմաստի հարցումներուն, որպէսզի երիտսասարները կարենան Ճանչնալ եւ ընկալել Աստուծոյ կամքը՝ իրենց կեանքի գործնական իրականութեան մէջ:

Մարտահրաւէրներ. այսօրուան երիտասարդները ունին դիմագրաւելիք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, կրօնային խտրականութեան, ցեղապաշտութեան, մանկապղծութեան, սեռային շահագործումի եւ փտածութեան մարտահրաւէրներ: Թղթածրարին մէջ կը նշուի որ յիշեալ մարտահրաւէրները կը յառաջանան մեկուսացումի մշակոյթի երեւոյթներէն ինչպէս նաեւ նոր թուայնային արհեստավարժութեան սխալ գործածութենէն: Այս ուղղութեամբ կը խնդրուի նաեւ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել գաղթականներու մարդավաճառութեան հարցերուն եւ որդեգրել նոր ուղիներ պաշտպանելու համար անոնց արժանապատուութիւնը միաժամանակ խթանելով ներառումին ուղիներ այն ընկերութեան մէջ ուր գաղթականները կը հասնին:

Կոչում: Այս կէտին մասին թղթածրարը ի յայտ կը դնէ թէ երիտասարդները սոյն բառի նկատմամբ ունին «կարճ տեսլական» եւ ասոր համար կը պահանջուի «երիտասարդկան հովուական » վերատեսում։ Մինչ ինչ կը հայի Քահանայական կոչումին ՝ եկեղեցին կանչուած է լրջօրէն խոկալու կոչումներու թիւի նուազումի մասին- որ մտահոգիչ դարձած է: Եկեղեցին պէտք է գիտնայ հաղորդել Յիսուսի կոչին հրապոյրը ՝ Անոր հօտին հովիւները դառնալու համար:

Ի վերջոյ Սրբութիւն: Սինոդական փաստաթուղթը կ՝եզրափակուի ակնարկելով սրբութեան ու նշելով որ երիտասարդութիւնը, ժամանակամիջոցն է սրբութեան : Սրութիւնը պէտք է բոլոր երիտասարդներուն համար առաջադրուի որպէս մատչելի հորիզոն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 13:09