Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին կ՝այցելէ Պալքանեան երկու երկիրներ՝ Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ:

Առաջին անգամն է որ Վատիկանի Պետակական քարտուղարը կ՝այցելէ Պալքանեան երկու երկիրները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Սկիզբ առաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Սերպիա եւ Մոնթենկրօ Պալքանեան երկու երկիրներուն այցը: Այս առաջին անգամն է որ Վատիկանի Պետական քարտուղարը կ՝այցելէ այդ երկիրները:

Ընդառաջելով յիշեալ երկու երկիներու պետութիւններու եւ եպիսկոպոսներու հրաւէրներուն, ծիրանաւորը ժամանած է Փոտլորիքա քաղաք ուր հանդիպումներ ունեցաւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ինչպէս նաեւ տեղական եկեղեցւոյ եւ Օրթոտքս ու մահմետական կրօնապետերու հետ:

Հինգշաբթի, 28 յունիսի Կարդինալ Փարոլին կը հանդիդպի Սերպիոյ խորհրդարանին նախագահ՝ Իվան Պրաժովսքիին հետ որուն կ՛ընկերանայ մշակոյթի նախարարը ապա՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկեաններու ժողովրդապետութեան մէջ կը հանդիպի կղերական դասին հետ հուսկ կը գիշերէ թեմի արքեպիսկոպոսարանին մէջ:

Ուրբաթ 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի անուան տաճարին մէջ Կարդինալ Փարոլին կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին կը հանդիպի տեղւոյն հասարակութեան ինչպէս նաեւ թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ռոք Կժոնլլէշաժի հետ : Յետմիջօրէին կ՝այցելէ Քաղղարօ քաղաքը, ուր կը նախագահէ հանդիսաւոր ծիսակատարութեան՝ Սան Թրիֆոնէ տաճարին մէջ:

Շաբաթ, 30 յունիսին Վատիկանի Պետական քարտուղարը կը ժամանէ Մոնեթնեկրօ քաղաք, ուր կը հանդիպի Անա Պրնապիչ վարչապետին ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Որմէ ետք ուշ առաւօտուն ծիրանաւորը կը ժամանէ Նովս Սատ քաղաք ՝ նախագահելու համար Սուրբ Պատարագի արարողութեան՝ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եպիսկոպոսաց միջազգային համահաւաք դասին բարձրաստիճան կղերականներուն ներկայութեամբ: Յիշեալ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին մաս կը կազմեն Սերպիոյ եւ Մոնթենկրոյի եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ Մակեթոնիոյ եւ Քոսովոյի եպիսկոպոսները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2018, 09:37