Որոնել

Փախստականներու միջազգային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«UNICEF»ի հրապարակած տեղեկագրութեան համաձայն աշխարհի մէջ կան 30 միլիոնէ աւելի տեղահանուած մանուկներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի  գլխաւոր ժողովի որոշմամբ 2000-ին՝ Յունիս 20-ը ընդունուած է իբրեւ Փախստականներու միջազգային օր: Սոյն օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ գաղթականներուն, բացառուածներուն ու աղքատին մէջ կը գտնենք Յիսուս, ապա հրաւէր ուղղեց թոյլ չի տալ որ վախը արգելք հանդիսանայ կարիքաւորը հիւրընկալելու համար։

«Յիսուսին կը հանդիպինք աղքատին, բացառուածին ու փախստականին մէջ։ Թոյլ չի տանք որ վախը արգելք հանդիսանայ ընկալելու կարիքաւոր մեր մերձաւորը #WithRefugees @M_RSezione» գրեց Նորին Սրբութիւնը հրապարակած թուիթին մէջ։

Նշենք որ ՄԱԿ-ի Փախստականներու գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ աշխարհի մէջ, բռնութիւնը ամէն օր կը ստիպէ հարիւրաւոր մարդոց փախչելու սեփական տուներէն, այս պայմաններուն մէջ առաւել կարեւոր է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը: Այդ նպատակով 2016-ի Յունիս 20-ին ՄԱԿ-ը կեանքի կոչեց Փախստականներու կողքին (#WithRefugees) նախաձեռնութիւնը: Այս նախաձեռնութեամբ կոչ կ՛ուղղուի տարբեր երկիրներու կառավարութիւններու համակարգուած ջանք գործադրելու փախստականներուն աջակցելու համար: Կոչ կը կատարուի երկիրներուն փախստականներու համար ապահովելու բնակութեան անվտանգ վայր, կրթութիւն ստանալու, աշխատելու հնարաւորութիւն:

Այս առթիւ յայտնենք նաեւ թէ «UNICEF»ի հրապարակած տեղեկագրութեան համաձայն աշխարհի մէջ կան 30 միլիոնէ աւելի տեղահանուած մանուկներ, որոնք յաճախ թիրախ են պատերազմի բռնութեան ու չարաշահումներու մինչ աշխարհի վրայ կան 68.5 միլիոն փախստականներ։ 

«Մարդուն արժանապատուութիւնը կախեալ չէ անոր գաղթական կամ քաղաքացի ըլլալէն»

Նշենք թէ փախստականներու օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ «Մարդ անհատի  արժանապատուութիւնը կախեալ չէ անոր քաղաքացի, գաղթական կամ փախստական ըլլալէն. Փրկել կեանքն անոր որ կը փախչի պատերազմէն ու թշուառութիւնէն, մարդկայնական արարք է»#WithRefugees @M_RSezione։ Գրեց Նորին Սրբութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2018, 11:30