Որոնել

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նման է հունտի մը որ կ՛աճի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նման է հունտի մը որ կ՛աճի 

«Փորձենք դրսեւորել Աստուծոյ Թագաւորութեան ուրախութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յ 18 յունիս 2018-ին թուիթը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Բոլոր հանգամանքներուն մէջ փորձենք դրսեւորել Աստուծոյ Թագաւորութեան ուրախութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը, պարունակուած  18 յունիս 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ ու ներշնչուած կիրակի 17 յունիսի աւետարանական ընթերցումէն ուր Յիսուս կը խօսի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ու զայն կը ներկայացնէ մանանեխի հատիկի նման որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է. բայց երբ ցանուի՝ կը բուսնի, բոլոր տունկերէն ալ մեծ կ՚ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ՚արձակէ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կրնան անոր շուքին տակ բնակիլ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 13:30