Որոնել

Եկ Սուրբ Հոգի Եկ Սուրբ Հոգի 

«Ե՛կ Սուրբ Հոգի» Ֆրանչիսկոս Պապին 16 յունիսի թուիթը։

Սուրբ Հոգին հրաւիրենք մեր միջավայրերուն մէջ. Հայցենք զայն մեր գործունէութիւններէն առաջ. «Ե՛կ Սուրբ Հոգի»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղեց միշտ դիմելու Սուրբ Հոգւոյն ու հայցելու Անոր գալուստը մեր կեանքի ամէն մէկ պահուն ու միջավայրերուն մէջ, որպէսզի Ան առաջնորդ ըլլայ մեր քայլերուն ու մեր առօրեայ որոշումներուն։

«Սուրբ Հոգին հրաւիրենք մեր միջավայրերուն մէջ. Հայցենք զայն մեր գործունէութիւններէն առաջ. «Ե՛կ Սուրբ Հոգի» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2018, 13:30