Որոնել

Տօն Յիսուսի Սուրբ Սրտին Տօն Յիսուսի Սուրբ Սրտին  

Տօն Յիսուսի Սուրբ Սրտին - Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«Ահա՛ Սիրտը, որը այդքան սիրեց մարդկանց և չխնայեց իրեն մինչև վերջ…»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 8 յունիս 2018-ին տօնն է Յիսուսի Սուրբ Սրտին ու Քահանայութեան սրբութեան նուիրուած օր։ Սոյն տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. «Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած եղաւ առաջինը որ մեզ սիրեց. Ան մեզ միշտ կը սպասէ մեզ ընկալելու համար իր սրտին մէջ, իր սիրոյն մէջ»։

 

«Ահա՛ Սիրտը, որը այդքան սիրեց մարդկանց և չխնայեց իրեն մինչև վերջ…»

Կաթողիկէ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին որուն առթիւ կը կատարուին ջերմեռանդական աղօթքներ նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին: Այս գեղեցիկ ջերմեռանդութիւնը սկիզբ  առած է Արևմուտքի մէջ եւ մուտք գործած է նաև հայ կաթողիկէ համայնքներուն մէջ:  Սոյն ջերմեռանդութիւնը,  կը յիշեցնէ` մարդկութեան հանդէպ Տիրոջ անհատնում սէրը և այդ սիրոյն փոխադարձ սիրով պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 09:00