Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւն Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւն 

Նոր կարդինալներու ստեղծումի կարդինալական հաւաք։

Կարդինալական դասը այսօր կազմուած է 226 կարդինալներէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 28 Յունիս 2018-ի յետմիջօրէի 16.00ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ  Նոր կարդինալներու ստեղծումի կարդինալական հանրային հաւաք մը որուն առթիւ Կարդինալական Տիտղոս կը շնորհուի 14 նոր կարդինալներու, որոնց անուանումը հռչակած էր, անակնկալ կերպով, նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ մայիս 20-ին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, որուն առթիւ հրաւիրած էր հաւատացեալները աղօթելու նորանշանակ կարդինալներուն համար, «որպէսզի վերահաստատելով իրենց յարումը ու հաւատարմութիւնը Քրիստոսին,  որ է ողորմած աւագ քահանայ, օգնեն իրեն իր Հռոմի եպիսկոպոսի պաշտօնին մէջ՝ ի սպաս Աստուծոյ հաւատացեալ սուրբ ժողովուրդի ծառայութեան»։

Նորանաշնակ Կարդինալներն են

1. Քաղդէացիներու պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն

2.Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ՝ գերապայծառ Լուիս Լատարիա,

3. Հռոմի Թեմի Քահանայապետի տեղապահ արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիս։

4.Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր հարցերու տեղակալ եւ Մալթայի Ասպետական ուխտի մօտ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ՝ գերապայծառ Ճովաննի Պեչչու։

5. Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի կառավարիչ՝ գերապայծառ Քոնրատ Քրայեվսքքի։

6. Քարաչիի  արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Քութս։

7. Ֆաթիմայի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Անթոնիօ Տոս Սանթոս Մարթօ։

8. Հուանքայոյի  եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Փետրօ Պարրեթօ։

9. Թաոմազինայի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Տեզիրէ Թսարհազանա։

10.  Աքուիլայի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ճուզեփփէ Փեթրոքքի

11.  Օզաքայի եպիսկոպոս գերապայծառ Թոմաս Աքուիա Մանիօ

Ասոնց կից Նորին Սրբութիւնը կարդինալական դասին մէջ ներառեց  մէկ արքեպիսկոպոս, մէկ եպիսկոպոս ու մէկ կրօնաւոր մը, անոնց «եկեղեցւոյ մատուցած յատուկ ծառայութեան» համար։

12. Քզալփա թեմին վաստակաւոր արքեպիսկոպոս գերապայծառ Սերճօ Օպեզօ Ռիվերա։

13. Քրորոքոյի երեմնի եպիսկոպոս գերապայծառ Թորիպիօ Փորքօ։

14. Գերապատիւ Հայր Աքուլինօ Պոքոս Մարինօ

 

Կարդինալական տիտղոսը։

Այս առթիւ նշենք թէ Կարդինալ տիտղոսը Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետի կողմէ շնորհուած եկեղեցական բարձրագոյն տիտղոս է։ Գոյութիւն ունին կարդինալներու երեք աստիճան Եպիսկոպոսի, Քահանայի ու սարկաւագի։ Կարդինալները այն եկեղեցականներն են որոնց պարտականութիւնն է համագործակցիլ Քահանայապետին հետ եկեղեցւոյ կառավարութեան անոր յանձնուած պաշտօնին ու Կարդինալական Դասին կ՛իյնայ նաեւ Քահանայապետի ընտրութիւնը։ Մինչ սկզբնական շրջանին Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքը վերապահուած էր միայն Հռովմէական  եկեղեցւոյ  եպիսկոպոս կարդինալներուն, 1179 թուականին Ալեսսանտրօ Գ Պապի որոշումով, ընտրական իրաւունքը տրուեցաւ բոլոր կարդինալներուն ու 12-րդ դարէն սկսեալ անուանուեցան նաեւ Հռոմի թեմէն դուրս ծառայող կարդինալներ։

Ո՞վ կրնայ  կարդինալ դառնալ։

Անցեալին աշխարհականները եւս կարող էին կարդինալ անուանուիլ ու անմիջապէս ետք կ՛ընդունէին սարկաւագի աստիճանը,  1918-ին Պենետիկտոս ԺԵ պապը որոշեց որ բոլոր կարդինալները պէտք են քահանայական ձեռնադրութիւն ունենալ։ Հուսկ Յովհաննէս ՒԳ որոշեց որ անոնք պէտք է ընդունին եպիսկոպոսական օծումը։  Այսօր՝ բոլոր եկեղեցականները որոնք ունին քահանայական կարգ կարող են Քահանայապետի կողմէ նշանակուիլ կարդինալ։ Վերջին երեք Քահանայապետերը արդարեւ Կարդինալական տիտղոսը շնորհեցին 80 ամեայ անց քահանաներու, որոնք սակայն Քահանայապետի ընտրութեան իրաւունքէ զուրկ են, տրուած ըլլալով որ միայն 80 տարեկանէն վար կարդինալները ունին Պապընտիր ժողովի մասնակցելու իրաւունք։

Կարդինալական տիտղոսի նշանները։

Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան նշաններու մաս կը կազմէ՝ Հռոմի Եկեղեցիի մը տիտղոսաւոր դառնալու իրաւունքը, մատանին՝ որուն սովորութիւնը սկիզբ առած է ԺԳ դարուն եւ կարմիր գլխարկը։ Կարմիր գոյնը արդարեւ կը յատկանշէ  մարտիրոսութիւնը։

Կարդինալական դասը այսօր

Կարդինալական դասը այսօր կազմուած է 226 կարդինալներէ, որոնցմէ 125 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ են, մինչ մնացած 101ն առանց իրաւունքի են։

Ափրիկեան ցամաքամասը ունի 26 կարդինալ, որոնցմէ 16 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։ Նոյնպէս Հիւսիսային Ամերիկան ունի 26 կարդինալ, որոնցմէ 17-ն պապ ընտրելու իրաւունք ունին։  Հարաւային Ամերիկայի կարդինալներու թիւն է 27՝ սակայն անոնցմէ  միայն 13 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով են, մինչ կեդրոնական Ամերիկան ունի 8 կարդինալ որոնցմէ միայն հինգը ունին քահանայապետ ընտրելու իրաւունք։ Եւրոպական ցամաքամասը ունի 107 կարդինալ, որոնցմէ 53 Պապ ընտրող իրաւունքով են մինչ Ասիական ցամաքամասը ունի 26 կարդինալներ որոնցմէ 17 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով հուսկ Ովկեանեան ցամաքամասը ունի 6 կարդինալ որոնցմէ չորսը ունին քահանայապետ ընտրելու իրաւունքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2018, 08:00