Կարդինալ Սանտրի Կարդինալ Սանտրի 

Հռոմի մէջ ներկայացուեցաւ « Oriente Cattolico - Կաթողիկէ Արեւելք» հաւաքածոն։

«Oriente Cattolico -Կաթողիկէ Արեւելք» գիրքը երեք հատորներու մէջ կը ներկայացնէ Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու իրականութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 25 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Հռոմի Յիսուսեաններու միաբանութեան Մայր տան դահլիճին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կողմէ հրապարակուած  «Oriente Cattolico -Կաթողիկէ Արեւելք» գիրքին  որ երեք հատորներու մէջ կը ներկայացնէ Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու իրականութիւնը ըլլայ Արեւելքի ըլլայ հին ու նորաստեղծ սփիւռքի մէջ։

Գիրքը որ հրապարակուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հաստատութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ, պտուղն է ժրաջան աշխատանքի մը որ լոյս կը տեսնէ նոյն նիւթին հայող նախկին հրատարակութենէ 40 տարիներ ետք, ու կը պարունակէ բազմաթիւ տեղեկութիւններ, քարտէսներ, եւ այլ նիւթեր, մօտէն ճանչնալու ու հասկնալու համար Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու իրականութիւնը։

Ներկայացման առթիւ բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի  որ նշեց թէ սոյն հրատարակութեան նպատակն է ճանչցնել Արեւելքի եկեղեցիներու հարուստ տարբերութիւնները ինչպէս նաեւ անոնց տառապանքը, ու բազմաթիւ քրիստոնեաները՝ որոնք ամէն ինչ կորսնցուցին եւ այսօր կ՛ապրին հեռու իրենց տուներէն օճախներէն ու սիրելիներէն եւ կամ առեւանգուած են ու բանտարկուած ու նոյնիսկ մարտիրոսացած պարզապէս որովհետեւ կը հաւատան Քրիստոսի։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր ու պատմաբան Անտրէա Ռիքքարտին որ իր տեսանկիւնէն ներկայացուց գիրքի կարեւորութիւնը ու յատկապէս արեւելեան աշխարհի իրականութիւնը մինչ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի աշխատակից Տիար Ճանփաոլօ Ռիկոթթին ներկայացուց հատորներու պարունակութիւնն ու անոնց նախապատրաստական աշխատանքներու գործընթացը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2018, 08:42