Ինը կարդինալներուն խորհուրդի նիստը Ինը կարդինալներուն խորհուրդի նիստը 

Վատիկանի մէջ ինը կարդինալներու խորհուրդի 25րդ նիստը

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու 9 կարինալներուն նիստը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, յունիսի 11ին կը սկսի 9 կարդինալներու խորհուրդի 25րդ նիստը, գլխաւորութեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին: Յիշեալ ինը ծիրանաւորները կʼօգնեն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Սուրբ Աթոռի պաշտօնէութիւններու կառոյցին, Քուրիայի եւ Եկեղեցւոյ կառավարման բարեկարգումի ծրագրին մէջ։ Հանդիպումը պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 13։ Նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր ապրիլի 23-25, եւ մեծ մասամբ նուիրուած էր կազմելու Քուրիայի նոր Առաքելական Սահմանադրութեան նախագիծը։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են որոշ կէտեր, ինչպէս՝ Քուրիայի տրամադրելիութիւնը Սրբազան Պապի եւ տեղական եկեղեցիներու ծառայութեան, Քուրիայի գործունէութեան հովուական նկարագիրը, Պետական Քարտուղարութեան Երրորդ Բաժանմունքի գործունէութեան դաշտը, ուր յստակուած են պարտականութիւնները, եւ վերջապէս Աւետարանի հռչակումը եւ միսիոնարական հոգին՝ իբր հեռանկար որ կը բնորոշէ ամբողջ Քուրիայի գործունէութիւնը։

Վերջին հանդիպումին նկատի առնուած էր նաեւ անչափահասներու պաշտպանութեան խնդիրը, որ Սրբազան Պապի սրտին մօտիկ հարց մըն է։ Հոն շեշտուած է ուժեղ կամքը՝ ճշդելու չարաշահումի ամէն կերպի դէմ պայքարելու միջոցները։ Այդ հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Գերպ. Լուչիօ Ռուիզ, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան քարտուղարը, որ ներկայացուցած է Վատիկանի հաղորդակցութեան կառոյցի բարեկարգութեան ներկայ վիճակը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2018, 14:42