Որոնել

Գաղթականներու լուսանկար Գաղթականներու լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 յունիսի թուիթը

Հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութիւնը հետեւանքն է Աստուծոյ մերժումին:

Շաբաթ, 29 յունիսին, տեղի կ՝ունենայ «Քահանայապետի բարեսիրական գործունէութեան ի նպաստ դրամահաւաք», որուն հասոյթով Սրբազան Պապը կ՝իրականացնէ բարեսիրական գործեր: Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգանակուած նուիրատուութիւնները կը յատկացուին Սրբազան Քահանայապետին:

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ անդրադառնալով Աստուծոյ եւ Անոր սիրոյն մերժումին, այս մէկը հետեւանք նկատեց հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան։

«Ամէն նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութիւն, եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ ամէն մէկ խտրականութիւն, միշտ հետեւանքն է Աստուծոյ եւ Անոր սիրոյն մերժումին»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2018, 13:30