Սուրբ Լուիճի Կոնզակա Սուրբ Լուիճի Կոնզակա 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը՝ Սուրբ Լուիճի Կոնզակայի տօնին առիթով:

Կաթողիկէ երիտասարդներուն պաշտպան սուրբ՝ սուրբ Լուիճի Կոնզակա:

Վազգէն Աբարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 21 յունիս 2018-ին, Լատին ծէսի համաձայն տօնն է, Կաթողիկէ երիտասարդներու պաշտպան սուրբ ՝ Սուրբ Լուիճի Կոնզակային: Այս առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ հրաւիրեց երիտասարդները օգնելու չափահասներուն, որոնց սիրտերը յաճախ կարծր են՝ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ուղին ընտրելու համար։

«Սիրելի երիտասարդներ, օգնեցէք չափահասներուն որոնց սիրտը յաճախ կարծրացած է՝ համերաշխութեան եւ երկխօսութեան ուղին ընտրելու համար: Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 09:39