Ֆրանչիսկոս Պապին 12 յունիսի թուիթը:
Վայ անոնց որոնք կը խեղդեն մանուկներուն յոյի ուրախութեան սլացքը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ին,կը նշուի մանուկներու աշխատանքային չարաշահումի դէմ համաշխարհային օրը:
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ ընդգծեց խաղաղ միջավայրին մէջ կայացած մանուկներուն՝ սորվելու, խաղալու եւ աճելու կարեւորութիւնը, դատապարտելով մանուկներուն յոյսի ուրախութեան սլացքը յափշտակող մարդոց արարքները:
Մանուկները պէտք են կարենան խաղալ, սորվիլ եւ աճիլ խաղաղ միջավայրի մը մէջ: Վայ անոր, որ մանուկաներուն մէջ կը խեղդեն անոնց յոյսի ուրախութեան սլացքը: Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
12/06/2018, 11:30