Որոնել

Կուաթեմալայի Ֆուեկօ հրաբուխ Կուաթեմալայի Ֆուեկօ հրաբուխ 

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին օժանդակութիւն Ֆուեկօ հրաբուխի թիրախներուն:

100 հազար ամերիկեան տոլար Կուաթեմալայի Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումի պատճառած զոհերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացումի բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ Կուաթեմալայի Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումին հետեւանքով վնասուած են աւլի քան 1,7 միլիոն անձեր: 13 հազար անձեր ստիպուած եղան հեռանալ իրենց բնակարաններէն, արձանագրուած են հարիւրաւոր մեռեալներ եւ անթիւ վիրաւորներ:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մարդկային համապարփակ զարգացումի բաժանմունքի միջոցաւ որոշած է 100 հազար ամերիկեան տոլար տրամադրել՝ շտապ վիճակի մէջ գտնուող բնակչութեան:

Յիշեալ նիւթական օժանդակութիւնը, որ կը համարուի Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութեան արտայայտութիւնը ինչպէս նաեւ հայրական քաջալերանքը, պիտի բաշխուի Կուաթեմալային մէջ Պապական Նուիրակի համագործակցութեամբ՝ ամենէն շատ տուժուած թեմերուն եւ պիտի տրամադրուի ՝ հրաբուխի ժայթքումէն տուժած անձերուն խնամակալական ծառայութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ որ Կուաթեմալայի ժողովուրդի օգնութեան յիշեալ նիւթական սատարը՝ աղօթքի աջակցութեամբ, մաս կը կազմէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օժանդակութիւններուն, որոնք եպիսկոպոսական համահաւաք դասերեէն անդին, կը ներառեն եղբայրասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 15:10