Ֆրանչիսկոս Պապի համամիութենական այցը Զուիցերիա Ֆրանչիսկոս Պապի համամիութենական այցը Զուիցերիա 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ճընեւի մէջ այցելած վայրերը:

ֆրանչիսկոս Պապ Ճընեւի մէջ կ՝այցելէ ԵՀԽ կեդրոնն ու Պոսսէյի համամիութենական հաստատութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

21 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ միօրեայ ուխտագնացութիւն կը կատարէ Ժընէւ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան առիթով։ Սրբազան Պապի միօրեայ այցելութեան ծրագիրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8։30ին, դէպի Ժընէւ կատարած թռիչքով ուր կը ժամանէ 10։10 անց, ողջոյնի արարողութենէն ետք, օդակայանի սրահին մէջ անհատական հանդիպում կ՛ունենայ Զուիցերիոյ նախագահ Ալէն Պրեսեթի հետ։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին կ՛ուղղուի ԵՀԽ կեդրոնատեղի ուր նախատեսուած է համամիութենական աղօթքի արարողութիւնը։

ԵՀԽ կեդրոնը

ԵՀԽ համամիութենական կեդրոնը կը գտնուի Ճընեւ քաղաքին կեդրոնը՝ ՄԱԿ-ի գրասենեակներու մօտակայքը: ԵՀԽ կեդրոնը որուն բացումը կատարուած է 1965-ի յուլիսին, ամէն տարի կ՛ընդունի 300հազարէ աւելի այցելուներ։ Ան կառուցուած է քրիստոնեաներու միութեան հոգիով ու նուիրուած է ըլլայ եկեղեցիներու միջեւ ներդաշնակութեան ու միութեան, ըլլայ մոլորակի ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ու արդարութեան։

ԵՀԽ կեդրոնը նաեւ աթոռն է զանազան եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին ՝Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան եւ քրիստոնեայ աշակերտներու համաշխարհային դաշնութեան աթոռները:

Կեդրոնը շրջապատուած է գեղեցիկ պարտէզներով, որոնց տարածքին վրայ կան յուշակոթողներ՝ Պերլինի պատէն առնուած բեկոր մը, որ նուէրն է Գերմանիոյ՝ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին:

ԵՀԽ կեդրոնին սիրտն է կառոյցին մէջ գտնուող մատուռը՝ համամիութենական աղօթքի վայրը, ծրագրուած Տամիմարքցի Էրիք Մոլլեր ճարտարապետի կողմէ: Մատուրին մէջ գտնուող արուեստական աշխատանքներու շարքին կը գտնենք «Համերաշխութեան խաչը» կազմուած համաշխարհային պատերազմի ռումբերու բեկորներէն:

Մատրան մէջ կայ նաեւ անցեալ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելենական 500 ամեակի առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ Կաթողիկէ –Լուտերական եկեղեցիներու հանդիպումի յիշատակին կառուցուած գոյնզգոյն խաչը :

Արժանի է նշել որ ԵՀԽ-կեդրոնատեղիին մէջ կայ դահլիճ մը անուանակոչուած Եկեղեցիներուն համաշխարհային խորհուրդի առաջին քարտուղար՝ Հոլանտացի Աստուածաբան Վիլլէլմ Վիսերթ Հուֆդի անունով:

Համամիութենական աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Պոսսէյի համամիութենական հաստատութիւն, որ նկատուած է եկեղեցիներուն խորհուրդի միջազգային հանդիպումի, երկխօսութեան ու կազմաւորումի կեդրոն։

Հաստատութեան աթոռը կը գտնուի Պոսսէյին դղեակին մէջ,  Ճընեւէն 25 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Հաստատութիւնը հիմնուած է 1946-ին, ան կը միացնէ համամիութեամբ եւ մշակութային երկխօսութեամբ շահագրգռուած եւ գիտական հետազօտութիւնն կատարելու նպատակով ժամանած զանազան եկեղեցիներուն եւ մշակոյթներուն անդամներ: Հաստատութիւնը ամէն տարին կը հիւրընկալէ աշխարհի բոլոր վայրերէն աշակերտներ հետազօտողներ, համամիութենական Աստուածաբանութիւն ուսանելու համար:

Պոսսէյի համամիութենական հաստատութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2018, 08:58