Որոնել

Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար 

Սրբազան Քահանայապետի Պարիի մէջ հանդիպումի ներկայացումի մամլոյ ասուլիս։

«Խաղաղութիւնը քու հետդ։ Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 3 Յուլիս 2018-ի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու  համար Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 7 Յուլիս 2018-ին, Պարի կատարելիք այցելութիւնը ու այդ այցելութեան առթիւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւններու Հոգեւոր Պետերու հետ ունենալիք աղօթքի հանդիպումը, որուն բնաբանն է «Խաղաղութիւնը քու հետդ։ Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար»։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը եւ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը Քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2018, 08:48