Երանելի Մարիա Ֆելիսիա տի Ճեզու Սաքրամենթաթօ Երանելի Մարիա Ֆելիսիա տի Ճեզու Սաքրամենթաթօ 

Երանելի կը հռչակուի Քոյր Մարիա Տի Ժեզու Սաքրամենթաթօ

Քոյր Մարիա Ֆելիսիա Տի Ժեզու Սաքրամենթաթոյի յատկութիւնները եղած են ուրախութիւն, սէր եւ ծառայութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Փարակուայի Ասունսիոն քաղաքին մէջ կը նախագահէ Քոյր Մարիա Տի Ժեզու Սաքրամենթաթոյի երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Քոյր Մարիա, Փարակուային մէջ բոլորին կողմէ ճանչուած է Չիքիթունկա անունով: Ան եղած է հիմնադրուհին բոպիկ Քարմելիլթեան քոյրերու միաբանութեան:

Քոյր Մարիա ծնած է 12 յունուար 1925-ին՝ ՓարակուէյիՎիլլառիքա քաղաքին մէջ: Հինգ տարեկանին մտած է Մարիամ Օգնական անուան վարժարան: Փարակուայի մէջ քաղաքական հարցերը մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ : Իր Հայրը Ռամոն ճանչուած էր որպէս Ֆաշիստական գաղափարապաշտութեան հակառակորդ: 1940ին ան կ՝աւարտէ բարձրագոյնն վարժարանի ուսումները, ստանալով վարժապետուհի տիտղոս:

1941-ին կ՝անդամակցի Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումին, որուն շնորհիւ մօտէն կը ճանչնայ ու կը սկսի սիրել Յիսուսը: 17 տարեկանին, կը կատարէ կրօնաւորական ժամանակաւոր ուխտերը: 1954-ին կը կատարէ մշտնջենական ուխտերը դառնալով Քարմելօ միաբանութեան անդամուհի:

2 փետրուար 1954-ին՝ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնին օրը, Աստուծոյ աղախին Քոյր Մարիա կը մտնէ փակեալ մայրապետներուն վանք, միշտ իր դէմքին վրայ ունենալով անդորրութեան ու խաղաղութեան ժպիտը:

Քոյր Մարիա Ֆելիսիա Տի Ժեզու Սաքրամենթաթոյի յատկութիւնները եղած են ուրախութիւն, սէր եւ ծառայութիւն:Ան երբեք չէ դադրած Յիսուսն ու իր եղբայրները սիրելէ՝ ինչպէս նաեւ մարդ էակները:

Մայրապետութեան երրորդ տարին՝ 7 յունուար 1959-ին, իր շատ սիրելի Մանիքա բարեկամուհի կը մեռնի վարակիչ հիւանդութեան պատճառաւ: Մի քանի օր վերջ քոյր Մարիա վարակուելով նոյն հիւանդութենէն կը մտնէ կարմիր խաչ անուան հիւանդանոց ուր սկիզբ կ՝առնէ իր գողգոթան եւ իր վերջնական կապը խաչին հետ՝ միշտ ըլլալով համբերատար եւ երջանիկ: 28 ապրիլ 1959-ին՝ վաղ առաւօտուն Քոյր Մարիա հոգին կ՝աւանդէ եւ իր վերջին բառերը կ՝ըլլան «Յիսուս, ինչ անուշ հանդիպում: Սուրբ Կոյս Մարիամ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 10:42