Ֆրանչիսկոս Պապ  եւ հռչակաւոր բեմադրիչ Վիմ Վենտերս Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հռչակաւոր բեմադրիչ Վիմ Վենտերս  

Շարժապատկեր Ֆրանչիսկոս Պապի մասին

Շարժապատկերը 96 վայրկեանի տեւողութիւն ունի եւ հինգշաբթի յունիս 14ին պիտի ներկայացուի գերմանախօս շարժանկարի սրահներու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Գերմանացի հռչակաւոր բեմադրիչ Վիմ Վենտերս պատրաստած է վաւերագրական շարժապատկեր մը Ֆրանչիսկոս Պապի մասին՝ «Ֆրանչիսկոս Պապ – իր խօսքին տէր մարդը» խորագրով։ Ֆրանչիսկոս Պապ սակայն, որ գլխաւոր «դերակատարն» է, ըսած է թէ պիտի չդիտէ այդ շարժապատկերը որ յաջողութիւն գտած էր Քանի փառատօնին։ Ֆուրխէ լրագրին մէջ տուած իր հարցազրոյցին մէջ Վիմ Վենտերս ըսած է, թէ քահանայապետը տեղեակ է շարժապատկերի մասին եւ յայտնած է իր ուրախութիւնը։
Սրբազան Պապը բեմադրիչի հետ ունեցած հանդիպումին առիթով ըսած է՝ «պէտք է հասկնաք, ինծի ձեր մասին շատ բան պատմած են, սակայն ես շարժապատկեր չեմ դիտեր»։ Առաւել եւս, կʼաւելցնէ բեմադրիչը՝ «քահանայապետին կը պակսի ժամանակը եւ ունայնութիւնը» դիտելու այդ վաւերագրական ժապաւէնը։ Բեմադրիչը խոր տպաւորուած է Ֆրանչիսկոս Պապի անձով եւ ըսած է՝ «քահանայապետը պարզապէս համոզիչ կերպով կը խօսի, այնպէս որ նաեւ մարդիկ որոնք մտիկ պիտի չընէին, կʼունկնդրեն անոր խօսքին։»
Վենտերս ըսած է նաեւ, թէ քահանայապետի անձով զբաղիլը եւ շարժապատկերի պատրաստութիւնը իր անձին վրայ ունեցած են դրական ազդեցութիւն. ան կը հաստատէ, թէ իր կեանքին մէջ բան մը փոխուած է։ Իրեն համար նշանաբան դարձած է «քիչով գոհանալը»։ Հռչակաւոր բեմադրիչը ճիգ թափած է որ վաւերագրական ժապաւէնը նուազ արժէ քան նախատեսուած 2,5 միլիոն եւրոյի գումարը։ Խնայուած մէկ միլիոն եւրոն փոխանցուած են Սրբազան Պապի դրամատան յատուկ հաշուին՝ գործածելու բարեսիրական նպատակներու համար։ Նաեւ շարժանկարի բերած շահը պիտի յատկացուի բարեսիրական նպատակներու։
Շարժապատկերը 96 վայրկեանի տեւողութիւն ունի եւ հինգշաբթի յունիս 14ին պիտի ներկայացուի գերմանախօս շարժանկարի սրահներու մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2018, 10:56