Մարզիկներ Մարզիկներ  

«Լաւագոյնը տալ» մարզանքի հայող Վատիկանեան փաստաթուղթի ներկայացում։

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ մարզանքին հայող փաստաթուղթ մը, շարադրուած Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան բաժանմունքի կողմէ

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 1 յունիս 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ մարզանքին հայող  նոր փաստաթուղթ մը, շարադրուած Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան բաժանմունքի կողմէ որուն բնաբանն է «Լաւագոյնը կատարել. Քրիստոնէական հեռանկարը մարզանքի ու մարդ անհատի մասին»։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Բաժանմունքի կառավարիչը՝ Կարդինալ Քեվին Ֆարրել, ու այլ ակադեմիական անձնաւորութիւններ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան փաստաթուղթի պարունակութեան ու անոր նպատակի մասին։

Փաստաթուղթը կազմուած է 5 գլուխներէ ու անոր 50 էջերուն մէջ կը քննարկուի մարզանքի երեւոյթը ներկայացնելով մարզանքի մարդաբանական տեսակէտը ու  Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը մարզանքի ասպարէզէն ներս։

Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի թէ չկայ  քրիստոնէական մարզանք մը, սակայն իրաւացի է մտածել թէ կայ «մարզանքի հայող քրիստոնէական տեսութիւն մը» ու այս մէկը վերջին  տասնամեակներուն ընդգծուած է նաեւ Քահանայապետերու կողմէ, որոնք միշտ հաստատած են թէ «Եկեղեցին կ՛ուզէ գտնուիլ մարզանքի ներքոյ» զայն ըմբռնելով որպէս վայր ուր ամէն մին պէտք է լաւագոյնը պարգեւէ եւ ուր կարելի է խթանել բարեկամութիւնը, երկխօսութիւնը, հաւասարութիւնը, յարգանքը, եւ զօրակցութիւնը։

Փաստաթուղթին մէջ ապա ընդգրկուած են զանազան նիւթեր, ուր կը հաստատուի թէ մարզանքին նպատակը միայն փառք ու պատիւ չէ, ու թէ ան  ծառայելու է նաեւ որպէս «դաստիարակչական» միջոց, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ հաւասարութեան խթան։

Թէ ի՞նչ է մարզանքը հարցումին պատասխանը հետեւեալն է «մարզանքը ֆիզիկական գործունէութիւն մըն է, ըլլայ անհատական ըլլայ խմբային» որ ունի ուրախ ու մրցունակ բնոյթ որ կառավարուած է «կանոններու համակարգով» մը, եւ որուն հաւասար հնարաւորութիւններու  պայմաններու մէջ կը համեմատուին կատարումները։ 

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուին մարզանքին արժէքները՝ որոնց ամենակարեւորը «մարդ անհատի, հոգւոյ ու մարմնոյ ներդաշնակ ու համապարփակ զարգացումն է»։

Հաւատք- մարզանք ինը կէտերու մէջ կատարուած բաղդատութենէ մը ետք, փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ՝ մարզանքի ասպարէզէն ներս պատասխանատուութեան ու ազատութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս  նաեւ հետեւողականութիւնն ու հաստատակամութիւնը ապա կը շեշտուի խաղին ու խաղացողներուն «մաքուր» ըլլալուն բնոյթը, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ խաղացողին ներդրումը ի նպաստ հաւաքականին։ Այս առընչութեամբ փաստաթուղթը կը դատապարտէ մարզանքի որոշ բնագաւառներուն մէջ գոյութիւն ունեցող «առեւտրականութիւնը», որ բարոյական մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ, տրուած ըլլալով որ մարմինը կը դառնայ «իր» մը ու անհատը՝ ծախու ապրանք։

Փաստաթուղթը  մարզանքը կը նկատէ նաեւ «խաղաղութեան» ի նպաստ երեւոյթ, անդրադառնալով որոշ ժողովրդական մարզանքներու, որոնք քարոզարշաւներ կատարեցին ի նպաստ խաղաղութեան, զօրակցութեան ու ներառումին։ Պենետիկտոս ԺԶ արդարեւ հաստատած է  «Մարզանքը՝ բարեկամութեան հոգիով կարող է միացնել ժողովուրդներ ու մշակոյթներ. Մարզանքը արդարեւ նշան մըն է որ կը փաստէ թէ խաղաղութիւնը կարելի է»։

Փաստաթուղթի չորրորդ գլխուն մէջ անդրադարձ կատարուած է մարզանքի մէջ կաշառակերութեան մասին որ յաճախ կը գործածուի մարդուն արժանապատուութեան ու մարդու անհատական իրաւունքին դէմ, երբ  ձգտում կայ «ամէն քնով ու ամէն միջոցներով  ձեռք բերել յաղթանակը»։ Այս ուղղութեամբ դատապարտելի կը նկատուին՝ մարմնի նուաստացումը, կաշառակերութիւնը ու նաեւ «երկրպագուներու ու հանդիսատեսներու» ժխտական մօտեցումը մարզանքին ու հակառակորդին։

Փաստաթուղթին վերջին գլուխը նուիրուած է մարզանքի աշխարհէն ներս Եկեղեցւոյ դերակատարութեան ինչպէս նաեւ Անոր հովուական գործունէութեան, ի յայտ դնելով մարզանքի կարեւորութիւնը որպէս առիթ միութեան ու ամէն մէկ անհատի քանքարներու արժեւորումին» եւ ի վերջոյ կը շեշտուի մարզանքի «կրթական ռազմավարութեան» կարեւորութիւնը, ուր մարզանքը նկատուելու է ի ծառայութիւն մարդկութեան որպէսզի ան վերագտնէ մարզանքի կեդրոնականութիւնը ու «լաւագոյնը տալու» կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 12:12