Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Միջազգային Քարիթասի «ուղեւորութիւնը բաժնեկցիր» ձեռնարկը՝ 17-24 Յունիս 2018։

20 յունիս 2018-ին պիտի նշուի նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ 2000 թուականին հռչակուած «Փախստականներու միջազգային օրը»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջազգային Քարիթասը  «ուղեւորութիւնը բաժնեկցիր»  քարոզարշաւի ծիրէն ներս, համապատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ի սեպտեմբերին կատարած կոչին՝ խթանելու հանդիպումի մշակոյթը, 17-24 Յունիս 2018-ին, համաշխարհային գետնի վրայ ձեռնարկած է «Համապարփակ գործողութիւններու շաբաթը» որ կը յատկանշուի գաղթականներու ու փախստականներու հետ կեանքի բաժնեկցութեան արարքներով։

Սոյն ծրագրի ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր քարիթասները պիտի կազմակերպեն ճաշեր ու բաժնեկցութեան եւ հանդիպումի այլ ձեռնարկներ, հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնելու ու բացայայտելու համար գաղթականութեան դրդապատճառները ինչպէս նաեւ յաղթահարելու համար այս ուղղութեամբ հրահրուած վախերն ու նախապաշարումները։

Միջազգային Քարիթասի նախագահ՝ կարդինալ Անոթոնիօ Թակլէ յոյս յայտնած է որ «այս շաբաթուայ ընթացքին կարելի ըլլայ ցոյց տալ,  գործով եւ ոչ միայն խօսքերով, թէ ի՞նչ ըսել է խնամք տանիլ փախստականներուն»։

Նշենք թէ յառաջիկայ չորեքշաբթի 20 յունիս 2018-ին պիտի նշուի նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ 2000 թուականին հռչակուած «Փախստականներու միջազգային օրը», յիշատակելու համար 1951-ին Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Ժողովի կողմէ ընդունուած ու վաւերացուած փախստականներու հայող համաձայնագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 09:51