Արեւելեան եկեղեցիներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հանդիպում Արեւելեան եկեղեցիներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հանդիպում 

Կարդինալ Սանտրիի ողջոյնը Եւրոպայի Արեւելեան Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հանդիպումին։

Ձեզ կը հրաւիրեմ միջոց դառնալու աղօթքի կոչին՝ որպէսզի 7 յուլիսի եկեղեցական այդ ձեռնարկը առաջնորդուի Սուրբ Հոգիէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14էն 17 Յունիս 2018-ին, Իտալիոյ Քալապրիա Մարզի Լունկրօ թեմին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 21-րդ հանդիպումը որուն կեդրոնական նիւթն է «Արեւելեան եկեղեցիի մը դիմագիծը.Աստուածաբանութիւն. յատուկ իրաւագիտութիւն եւ ծէս» եւ որ կազմակերպուած է Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խորհուրդի կողմէ ու հիւրընկալուած Լունկրոյի թեմին կողմէ, առ ի պատրաստութիւն նաեւ Լունկրոյի Եկեղեցւոյ 100-րդ տարեդարձին, որ պիտի նշուի 2019 թուականին։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայէն ու համայն քրիստոնեայ արեւելքէն ժամանակած եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին է նաեւ Արհ. Հայր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու համայն Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդը։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ ի մէջ այլոց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու նախագահը՝ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն եւ Իտալիոյ մէջ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Էմիլ Փոլ Թշերրիկը եւ Քալապրիա մարզի եպիսկոպոսները։

Հաւաքի բացման արարողութեան առթիւ՝  Լունկրոյի «San Nicola di Mira» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կայացած ժամասացութեան ընթացքին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսին, հիւրերուն վերապահած հիւրընկալութեան համար, ապա ակնարկելով Եկեղեցւոյ անունին ՝ «Սուրբ Նիկողայոս», յարեց թէ այս մէկը մեզի յիշեցնել կու տայ յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապին Պարի քաղաք կատարելիք այցելութինը ու Պարիի Սուրբ «Նիկողայոսի» Եկեղեցւոյ մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Պատրիարքներու հետ Անոր համախմբումը, միասնացար աղօթելու ու խորհրդածելու Միջին Արեւելիքի ողբերգական իրավիճակի մասին։

«Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ միջոց դառնալու աղօթքի կոչին՝ որպէսզի 7 յուլիսի եկեղեցական այդ ձեռնարկը առաջնորդուի Սուրբ Հոգիէն ու գտնէ ունկնդրութիւն եւ ընկալում մարդոց սրտերուն մէջ» ըսաւ  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ու ակնարկեց Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու արժէքներու ու աւանդութիւններու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հիմնադրութեան Պենետիկտոս ԺԵ օրով ու միեւնոյն ատեն Լունկրօ Թեմին հաստատումին՝ 1919 թուականին։

«Մեր ներկայութիւնը այստեղ կը նշէ այս եկեղեցւոյ ու թեմին հարիւրերորդ տարեդարձի տօնախմբութիւններու բացումը» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի շնորհաւորելով այդ յոբելեանը եւ աղօթքներ ապահովեցնելով անոր դիտաւորութեան։

Ծիրանաւորը ակնարկեց ապա Լունկրոյի եկեղեցւոյ Ալպանացի հաւատացեալներուն, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ կրած հալածանքներու հետեւանքով, փախուստ տուին իրենց երկրէն ու հաստատուեցան Իտալիոյ հարաւը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով նաեւ դարերու ու պատմութեան հոլովոյթին հաւատացեալներու կրած բազմաթիւ հալածանքներուն եւ այս ծիրէն ներս ընդգծելով այդ հալածուած ու չարչարուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ հիւրընկալ ու զօրակից ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, երբ գաղթականութեան հոսքը միշտ աւելիով աճ կ՛արձանագրէ։

Կարդինալ Սանտրին խօսքը աւարտեց հաստատելով թէ Եկեղեցին պիտի շարունակէ մշակել մարդկութեան համար վերապահուած «Աստուծոյ երազի» փնտռտուքը, ու իր համագործակցութիւնը պիտի մատուցէ Տիրոջ՝ որպէսզի հաստատուի՝ արդարութեան ու ամէն ազգերու խաղաղութեան Անոր Թագաւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 09:54