Որոնել

Ինը Կարդինալներու խորհուրդի նիստ Ինը Կարդինալներու խորհուրդի նիստ 

Քահանայապետի խորհրդատու 9 կարդինալներու խորհուրդի 25-րդ նիստ։

Հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Խորհուրդի բոլոր անդամները բացի Կարդինալ Ժորժ Փելէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 Յունիս 2018-ի ժամը 13-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զեկոյց ունեցաւ Քահանայապետի խորհրդատու 9 կարդինալներու խորհուրդի 25-րդ նիստի մասին, որ սկիզբ առած էր անցեալ երկուշաբթի Յունիս 11-ին եւ որ իր աւարտին հասաւ այսօր՝ 13 Յունիսին։

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցող հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Խորհուրդի բոլոր անդամները բացի Կարդինալ Ժորժ Փելէն։

«Քահանայապետը ապա չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ բացակայ գտնուեցաւ 13 յունիսի առաւօտեան նիստին» – յայտնեց Կրէկ Պուրքը որ մատնանշեց թէ աշխատանքային նիստերու մեծ մասը տրամադրուեցաւ «առաքելական սահմանադրութեան» նախագիծի քննարկումին որուն ժամանակաւոր բնաբանն է « Praedicate Evangelium – Հռչակել Աւետարանը»։

Քահանայապետի խորհրդատու ինը կարդինալներու խորհուրդի վերոնշեալ 25-րդ նիստին առթիւ Կարդինալական խորհուրդը եւս հրապարակեց տեղեկագրութիւն մը ուր ամփոփուած են կարդինալական խորհուրդի գործունէութիւնը սկսեալ անոր հիմնադրութենէն՝ 13 ապրիլ 2013-ին մինչեւի  10 ապրիլ 2018։

«Հինգ տարի անցած են այն օրէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց իր կամքը հիմնելու «Կարդինալական Խորհուրդը» որուն առաջնահերթ նպատակն է խորհուրդ տալ Քահանայապետին Անոր Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարման շրջագիծէն ներս ինչպէս նաեւ «սերտել Հռոմի Քուրիայի «Pastor bonus – Բարի Հովիւ» առաքելական սահմանադրութեան վերատեսումի  ծրագիր մը»։  Այս կը կարդանք Կարդինալական Խորհուրդի հրապարակած  տեղեկագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած է թէ Խորհուրդը՝ ուսումնասիրելէ ետք Հռոմի Քուրիայի զանազան բաժանմունքներու կողմէ ներկայացուած առաջարկներն ու վերլուծութիւնները, այժմ պատրաստ է Քահանայապետին յանձնելու Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան հայող առաջին առաջարկներէ բաղկացած  նախագիծը, ի պատրաստութիւն Հռոմի Քուրիայի նոր առաքելական սահմանադրութեան շարադրութեան։

Նախագիծի մէջ ընդգրկուած են նաեւ մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքները ու իրականացուած բարեկարգումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2018, 15:05