Երանելի Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէ Երանելի Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէ 

Մայր «Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէ»ի երանացան արարողութիւնը։

Երանացման արարողութիւնը տեղի կ՛ ունենայ ճիշդ մահուան տարեդարձին օրը՝ 10 Յունիս 2018-ին։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 10 Յունիս 2018-ին, Ֆրանսայի Ակէն քաղաքին մէջ մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Երանելիներու շարքին պիտի դասէ Քոյր «Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէն» որ եղած է հիմնադիրը՝ «Անարատ Յղութեան դուստրեր» միաբանութեան, որոնք ճանչցուած են նաեւ որպէս «Մարիանիստ»։

Աւազանի անունով Ատէլ Տը Պաթզ Տը Թրանքելլէոն, ծնած էր 10 Յունիս 1789-ին. Այն ժամանակ տիրող յեղափոխութեան բերումով անոր ընտանիքը ստիպուած եղաւ ապաստանիլ նախ Սպանիա ապա Փորթուկալ ու Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ սահմանային քաղաք՝ Սան Սեպասթիանի մէջ փոքրիկն Ատելը կ՛ընդունի առաջին հաղորդութիւնը։

Արդեն փոքր հասակին ան կոչումը զգացած է ինքզինք նուիրելու Աստուծոյ ու 15 տարեկանին Ժան Տիշէ անունով իր մէկ բարեկամուհիին հետ միասին կը հիմնեն «փոքրիկ հասարակութիւնը» որուն նպատակը կ՛ըլլայ  աւետարանել գիւղերը ու այս փորձառութենէն մեկնելով կապի մէջ կը մտնէ Մարեմեան միաբանութեան հիմնադիր Հայր Կիլիոմ Ժոզէֆ Շամինատի հետ ու անոր առաջնորդութեամբ 1816ին կը հիմնէ «Մարիամի Դուստրեր» միաբանութիւնը որուն հետագային կ՛աւելնայ նաեւ «Անարատ» տիտղոսը։

Ատելէն  կ՛ընդունի Մայր Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէ կրօնական անունը։ 10 յունիս 1828, հազիւ 38 տարեկան, Մայր Մարիան կը կնքէ իր մահկանացուն Ակէնի մէջ։ 

Անոր սրբադասման դատը սկիզբ առած է 1965-ին ու 1986-ի Յունիս հինգին կը հռչակուի  Աստուծոյ աղախին մինչ անոր երանացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ իր մահուան տարեդարձին օրը՝ 10 Յունիս 2018-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 12:34